By Asbarez | Wednesday, 31 December 2014
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 21ին, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ յատուկ միջոցառում մը տեղի պիտի ունենայ, ի յիշատակ նշանաւոր լրագրող, «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքին, անոր սպանութեան 8րդ տարելիցին առիթով։
Տինք սպաննուած էր Յունուար 19, 2007ին, Պոլսոյ բանուկ փողոցներէն մէկուն վրայ գտնուող «Ակօս» թերթի գրասենեակին առջեւ: Տինք երկար տարիներով հետապնդուած էր Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ, որոնք ամէն առիթով ճնշում կը բանեցնէին անոր վրայ։ Անոր սպանութիւնը զարկ տուած էր յաւելեալ ժողովրդավարութիւն պահանջող արշաւի մը, իսկ անոր յուղարկաւորութեան մասնակցած էր աւելի քան 100,000 հոգի:
Այսօր Տինք դարձած է Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի քաղաքացիական ազատութեան համար պայքարող մարդոց ներշնչման աղբիւր: Անոր յիշատակը վառ կը պահեն այն մտաւորականներն ու մարդկային իրաւանց գործիչները, որոնք Հրանդ Տինքի անունով հիմնարկ մը կազմած են ու մարտահրաւէր կը նետեն անհանդուրժողականութեան ու ազգայնամոլութեան երեսին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ