«Սա ազգային ցաւ է». Արտաշատի մէջ թաղեցին նահատակ Կարէն Գրիգորեանը

By Asbarez | Monday, 05 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային եւ արեւելեան ուղղութիւններով 2-3 Յունուարին ատրպէյճանական կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցման գործողութեան իբրեւ հետեւանք զոհուած Կարէն Գրիգորեան ընտանիքի միակ արու զաւակն էր: Կարէն Գրիգորեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 5 Յունուարին՝ զինուորական կարգով, Արտաշատի գերեզմանատան մէջ: 14 Յունուարին ան պիտի դառնար 21 տարեկան:
Անոր դրացիները «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած են, որ Կարէնի ընտանիքը ընկերային–տնտեսական ծանր վիճակի մէջ կ՛ապրի։
«Սա ազգային ցաւ է, մի քոյր ունի, մեծն ինքն էր: Ընտանիքը սոցիալական վատ դրութեան մէջ է: Իրանց յոյսը էս երեխէն էր: Ծնողներն էլ առողջութիւն չունեն:

Ծնողներին օգնում էր այգին մշակել: Անասուն էին պահում, կով ունէին: Պապու թոշակով, իրենց նպաստով մի կերպ էին ծերը ծերին հասցնում, բայց երկու տարի առաջ պապը մահացաւ, նպաստ էլ չէին ստանում», յայտնած է դրացիներէն մէկը:

Անոնք պատմած են, որ նախորդ օրը Կարէնի հոգեհանգիստին ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, որոնք ընտանիքին յանձնած են Կարէնի՝ յետմահու ստացած «Մարտական ծառայութիւն» մետալը:

 


comments