«Ադրբեջանը կը շարունակի խախտել հրադադարը». Մանոյեան

By Asbarez | Wednesday, 07 January 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, 2015 թուականին ղարաբաղեան հարցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի զարգացումները կանխատեսելով՝ յայտնած է, թէ տեսանելի ապագային Ատրպէյճան պիտի չփոխէ ղարաբաղեան հարցին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը:

Ըստ անոր՝ պաշտօնական Պաքուն շփման գիծին մէջ կը դիմէ ներթափանցման՝ մեկնելով ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացէն ունեցած դժգոհութենէն: <<Այդ կերպ Ադրբեջանն իր դժգոհութիւնն է արտայայտում բանակցութիւնների սեղանին դրուած փաստաթղթից, որը ներկայացրել են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրները>>, հաստատած է Մանոյեան:

Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ նման քայլերու դիմել, խախտել զինադադարը՝ փորձելով ներգործել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն վրայ: <<Կարծում եմ՝ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը ճնշում գործադրի Ադրբեջանի վրայ՝ ճանաչելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որպէսզի պաշտօնական Բաքուն գիտակցի, որ չի կարող երկար <<գերութեան մէջ պահել խնդրի կարգաւորումը>>, դիտել տուած է Կ. Մանոյեան։

 

comments