By Asbarez | Wednesday, 07 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ եւ շփման գիծին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ 6-7 Յունուար լուսցող գիշերը ատրպէյճանական զինուժը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է աւելի քան 400 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ ականանետերէ (6 արկ) եւ ՌՊԳ-7 (11 նռնակ) տիպի նռնականետերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 6000 կրակոց:
Պաշտպանութեան բանակի ա-ռաջապահ զօրամասերը պատասխան գործողութիւններով կասեցուցած են հակառակորդին ոտնձգութիւնները, յայտնած է պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝ <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ լարուածութիւնը յատկապէս առկայ է ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին վրայ:
<<Բաւականին լարուած է, շատ են կրակել, 300ից աւելի հրադադարի խախտումներ են եղել գիշերը յատկապէս արցախեան հատուածում: Բարեբախտաբար, մեր կողմից զոհեր ու վիրաւորներ չկան, նրանց կողմից չեմ կարող ասել, ամէն դէպքում իրենք կորուստներ ունեն, որ թաքցնում են>>, դիտել տուած է Յովհաննիսեան:
Նախորդ գիշերները աւելի հանգիստ եղած են հայ-ատրպէյճանական սահմանային գիւղերը: Չինարիի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ հիմնական թիրախը զինուորական յենակէտերը եղած են:
Ատրպէյճան որդեգրած է պետական սահմանին անընդմէջ լարուածութիւն ստեղծելու մարտավարութիւն, <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Դաւիթ æամալեան՝ ընդգծելով, որ <<հայկական զինուած ուժերի խնդիրն է զսպել հակառակորդի ագրեսիան>>:
<<Եթէ մեզ հետ փորձում են խօսում են ուժի լեզուով, մենք պէտք է հակընդդէմ ուժ բանեցնենք, որովհետեւ մենք զիջելու ոչինչ չունենք, ընկրկելու տեղ չունենք, հայոց երկու պետութիւնների պետական սահմանը Ադրբեջանի հետ գծուել է արեամբ>>, դիտել տուած է æամալեան:
Նախօրէին Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք առնուազն երեք ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած էր: <<Նիուզ>> լրատուական գործակալութիւնը իրեն մօտիկ աղբիւրներու վրայ հիմնուած՝ կը յայտնէ, որ պաշտպանութեան բանակը եւս տուած է երկու զոհ, երկուքն ալ պայմանագրային զինուորներ՝ Արցախէն: Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ ատրպեճանական բանակի զոհերուն թիւը առնուազն եօթն է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ