By Asbarez | Wednesday, 07 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին մէջ լարուածութեան սրման եւ ատրպէյճանական զինուած ուժերու յարձակումներուն առնչութեամբ:
5 Յունուարին, ամէնօրեայ ճեպազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի։
<<Մենք անհանգստացած ենք զինադադարի դրութեան խախտումէն, ինչպէս նաեւ՝ վերջին օրերուն արձանագրուած մահերուն վերաբերող զեկուցումներէն: Այս միջադէպերը չեն համապատասխաներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու յանձնառութեան: Որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր՝ մենք կը շարունակենք յորդորել երկու կողմերը՝ բարձրագոյն մակարդակներով ներգրաւուելու բանակցութեան մէջ, որ պիտի կարենայ առաջնորդել խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման եւ քայլերու ձեռնարկել նուազեցնելու շփման գիծին մէջ ու սահմանին վրայ տեղի ունեցող նման միջադէպերու հաւանականութիւնը: Մեր ուշադրութեան առարկան պիտի ըլլայ այս պարագան>>, յայտնած է Ճեն Փսաքի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ