By Asbarez | Thursday, 08 January 2015
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսական <<Հաֆինկթըն Փոսթ>>ը կը տեղեկացնէ, որ Չարլի Հեպտոյի ծաղրանկարիչներէն Մաթեու Մատէնեան հաստատութեան վրայ կատարուած անարգ յարձակումի ընթացքին գործէն բացակայութեան բերումով ազատուած էր հաւաստի մահէն:
Չարաբաստիկ այդ օրուան առաւօտուն Մատէնեան հեռաձայնած էր Չարլի Հեպտոյի իր գրասենեակը եւ տեղեկացուցած, որ գործի պիտի չգայ: Մատէնեան կատակելով իր գործընկերներուն յայտնած է, որ գրասենեակ գալու ատեն իր հետ Յայտնութեան պատկերով տորթ պիտի բերէ: <<Փոսթ>>ի լրագրողը արձագանգելով այս տեղեկութեան Մատէնեանին յայտնած է, որ զինք փրկողը
եղած է յայտնութեան պատկերը. >>քեզ մոգերը փրկեցին<<, ըսած է լրագրողը:
<<Անհաւատալի է: Մայրս քանիցս հեռաձայնա’ ու պատգամ թողած էր հարցնելով ուր ըլլալս. Ես միայն մահացողներու մասին կը մտածէի>>, ըսած է Մատէնեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ