By Asbarez | Thursday, 08 January 2015
<<Թարաֆ>> թերթի Յունուար 4ի թիւին մէջ, ծանօթ պատմաբան Թաներ Աքչամ դարձեալ հրատարակած է շատ հետաքրքրական յօդուած մը, ուր ան կը յիշեցնէ, թէ Սարըգամիշի նշանաւոր պատերազմին ընթացքին հայ զինուորներ ալ կռուած էին օսմանցի զինուորներու կողքին եւ անոնք եւս տառապած էին Սարըգամիշի աղէտէն:
<<Այս օրերուն, երբ հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Սարըգամիշի մէջ սառած եւ նահատակուած 90 հազար օսմանեան զինուորներու յիշատակը, անոնց կողքին պէտք է խոնարհիլ նաեւ այն հայ կամ քրիստոնեայ զինուորներու յիշատակին առջեւ, որոնք նոյնպէս կը կռուէին որպէս օսմանեան բանակի զինուոր>>, կ՛ըսէ Աքչամ:
Ան այս բոլորը կը հիմնէ 1922ին Փարիզի մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքի մը վրայ, որուն անունն է <<Ձայն Տառապելոց>>: Հեղինակն է Պ. Տօնապետեան: Իրականութեան մէջ գիրքը 1915էն վերապրած հայերու կողմէ գրուած տառապալից նամակներու հաւաքածոյ մըն է: Հարիւրաւոր անձեր իրենց նամակներուն մէջ կը պատմեն, թէ ի՞նչ տառապանքներ ապրած են: Նամակները գրուած են 1916-1919 թուականներուն միջեւ:
Թաներ Աքչամ սապէս կը շարունակէ.
<<Այս նամակներուն մէջ ինչեր չկան որ… Հոն կը կարդացուի, թէ ինչպէ՞ս նոյն գիւղին բնակիչները իրենց դրացիներուն կողմէ սպանդի ենթարկուած են: Բայց կը պատմուի նաեւ այն բարի մահմետականներուն մասին, որոնք օգնեցին հայերուն: Ամէն ինչ կայ այս նամակներուն մէջ: Բայց այս նամակներուն մէջ կան նաեւ Սիպերիայէն ղրկուած նամակներ, որոնք նոր էջ մը կը բանան Սարըգամիշի աղէտին մասին: Այս նամակներէն մէկը գրուած է Յովսէփ Սէյիսեան անուն մէկու մը կողմէ, որ Սարըգամիշի մէջ գերի ինկած է ռուսերու ձեռքը եւ որ կը նշէ, թէ միայն Սիպերիոյ մէջ, իր ապրած շրջանակէն ներս, 129 հայ զինուորներ գերեվարուած են իրեն պէս>>:
Աքչամ կ՛ըսէ՝ եթէ պիտի յիշատակենք Սարըգամիշի մէջ պատերազմած զինուորները, ասիկա պէտք է ընենք այդ շրջանին նահատակուած քրիստոնեայ, մահմետական կամ բոլոր զինուորներու եւ ամբողջ օսմանեան քաղաքացիներու անունով: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ ռուս զինուորները, որոնք նմանապէս իրենց կեանքը կորսնցուցին: Այս պատերազմները պէտք չէ դիտուին որպէս մէկու յաղթանակը կամ միւսին պարտութիւնը, այլ՝ պէտք է ընդունիլ որպէս մարդկութեան հասարակաց խենթութիւնը եւ պէտք է անիծել այդ պատերազմները:
Այնուհետեւ, Աքչամ թարգմանաբար կը հրատարակէ երկու նամակներ Նազարէթ Տէմիրճեան եւ Յովսէփ Սէյիսեան անուն գերեվարուած զինուորներու կողմէ գրուած: Այդ նամակներուն մէջ կը պատմուի, թէ այս հայ զինուորները ինչեր քաշած են եւ դեռ ալ կը քաշեն որպէս ռուսերու ձեռքը ինկած գերիներ: Այդ նամակները հրատարակելէ առաջ, Թաներ Աքչամ կ՛ընէ շատ հետաքրքրական մէկնաբանութիւն մը եւ կ՛այպանէ այն թուրքերը, որոնք 1915ի Հայկական Աղէտին դէմ կը դնեն Սարըգամիշի ողբերգութիւնը: Անոնք կը պնդեն. <<Եթէ հայեր 1915ը ունին, մենք ալ Սարըգամիշ մը ունինք>>: <<Այս այպանելի բաղդատութիւնը ընողներուն հիմա պէտք է հարցնել, թէ այս երկուքէն ո՞ր մէկուն մէջ պիտի տեղաւորենք ռուսերու կողմէ գերեվարուած հայ օսմանեան զինուորներու նամակները>>, հարց կու տայ Աքչամ:
<<ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ>>
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ