By Asbarez | Thursday, 08 January 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>>.- <<Ակօս>>ի աշխատակիցներէն Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու հրապարակած էր զգայացունց լուր մը՝ Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի շրջանակներէն, ուր կը բացայայտուէր կաճառի բարձրաստիճան վարչայիններէն մէկուն կողմէ պետական արխիւներ մտնելով 1915 թուականին Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ զանազան փաստաթուղթերու անհետացման մասին: Այս հրապարակումէն ետք կաճառի նախկին նախագահները՝ Մէթին Հիւլակուն եւ Ալի Պիրինճին յայտնած էին, որ նման դէպք մը միայն ամենավերին տնօրինութեամբ կրնայ կատարուիլ եւ իրենք այդպիսի հրաման մը չեն տուած:
<<Այս պնդումը կատարող Մուրատ Պարտաքճը պէտք է յայտարարէ այդ պատասխանատուի անունը>>, ըսած էին նախկին նախագահները:
Այս յայտարարութիւններէն ետք ուշադրութիւնները ուղղուեցան կաճառի նախկին նախագահներէն, այժմ ՄՀՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Եուսուֆ Հալլաճօղլուի վրայ: Վերջինս ալ իր կարգին մերժեց արխիւներէն փաստաթուղթեր վերցնելու եւ ուրիշ տեղ մը փոխադրելու պնդումը:
<<Այս բնոյթով հարցումներուն ենթական պէտք է Պարտաքճըն ըլլայ: Այսքան մանրամասնութիւն փոխանցելէ ետք, եթէ անուն մը հրապարակելէ խուսափի, ըրածը ո՛չ թէ յայտարարութիւն, այլ զրպարտութիւն կը համարուի>> ըսած է Հալլաճօղլու, նշելով որ իր 15 տարուան նախագահութեան շրջանին նման դէպք մը չէ պատահած:
<<Պարտաքճըի պնդածին նման գործողութիւն մը անկարելի է: Ես պետական արխիւներու մէջ ալ որպէս բարձրաստիճան պատասխանատու պաշտօն ստանձնած եմ: Այդ փորձառութեան յենելով կ՛ըսեմ, թէ Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի ոեւէ նախագահ պետական արխիւներէն փաստաթուղթ մը վերցնելով ուրիշ տեղ մը չի կրնար պահել>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ