Ահաւոր ոճիր Գիւմրիի մէջ. կասկածեալը Ռուս զինուորական է

By Asbarez | Monday, 12 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 12 Յունուարի առաւօտուն Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր սպանդ մը ցնցեց ամբողջ Հայաստանը՝ 7 հոգինոց ընտանիքէն վեցին սպանութեամբ եւ նորածինի մը ծանրօրէն վիրաւորումով։ Արդարեւ, Մեասնիկեան փողոցի թիւ 188 տան մէջ անյայտ անձի մը ինքնաձիգէն արձակուած կրակոցներով սպաննուած են նշուած տան բնակիչները՝ 1961ի ծնունդ Սերեօժա Աւետիսեանը, 1959ի ծնունդ Յասմիկ Աւետիսեանը, 1979ի ծնունդ Այիտա Աւետիսեանը, 1981ի ծնունդ Արմէն Աւետիսեանը, 1990ի ծնունդ Արաքսեա Պօղոսեանը, Յասմիկ Աւետիսեանը (ծննդեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած): 2014ի ծնունդ Սերեօժա Աւետիսեան վիրաւորուած եւ տեղափոխուած է հիւանդանոց:
<<Վերջինս մանկահասակ երեխայ է, երկու տարեկան: Ընտանիքի միւս մանկահասակ երեխան՝ 2014 թուականին ծնուած մի քանի ամսական Սերեօժա Աւետիսեանը ծանր մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուել է բժշկական կենտրոն>>, <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան՝ նշելով, որ <<երեխային վնասուածքները պատճառուել են կտրող-ծակող գործիքով: Նա ծանր մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուել է բժշկական կենտրոն>>: Աւստրիական մանկական հիւանդանոցին մէջ նորածինը ենթարկուած է վիրահատութեան։
Ըստ ոստիկանութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն՝ սպաննուածներուն վրայ հրազէնային վնասուածքներ կան:
Շիրակի մարզի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեանի համաձայն՝ <<մահացած անձանց դիակները գտնւում էին անկողիններում>>։
Դրացիներէն ոեւէ մէկը, ինչպէս յայտնած են <<Ազատութեան>>, կրակոցի ձայն չէ լսած, եւ ժամը 10։00ի շուրջ տանտիրուհիին՝ տիկին Յասմիկին քոյրը յայտնաբերած է իր հարազատներուն ոճիրի ենթարկուիլը։ Ան սուրճ խմելու նպատակով այցելած էր հարազատներուն, նկատած է, թէ տան դուռը բաց է, պատուհանները՝ կոտրուած, այնուհետեւ անկողինին մէջ սպաննուած գտած է ընտանիքի անդամները, իսկ սեղանին տակ՝ զէնք: Նշուեցաւ, որ ոճրագործը բոլորը սպաննած է անոնց գլուխին արձակուած կրակոցներով: Նշուած է նաեւ, որ ընտանիքը սովորական պայմաններու մէջ կ՛ապրէր եւ ուշադրութիւն չէր գրաւեր իր բարեկեցութեամբ։
Յանցագործը իսկոյն փախուստի դիմած է:
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ հիմնական կասկածելին Հայաստանի մէջ ռուսական 102րդ ռազմակայանի ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Պաւլովիչ Պերմեաքովն է, որ նոյն օրը փախուստ տուած էր զօրակայանէն։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ոճիրը կատարած է յանցագործներու խումբ մը, որոնցմէ մէկը յայտնաբերած են Գիւմրի-Երեւան մայրուղիին վրայ:
Նշենք, որ կան տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ ոճրագործներու խումբը կազմուած է ռուսերէ, սակայն այս լուրը չէ հաստատուած։

 

 

Սոնա Տռուզեան <<Ազատութեան>> տեղեկացուցած է, որ <<դէպքի վայրում յայտնաբերուել են զինուորականի կօշիկները, որոնց վրայ գրուած է եղել Պերմեաքով ազգանունը, այդպիսով էլ հնարաւոր է եղել պարզել զինծառայողի ինքնութիւնը: Յայտնաբերուել են նաեւ ԱԿ-74 ինքնաձիգը, 5:45 միլիմեթր տրամաչափի պարկուճներ եւ մէկ պահունակ՝ փամփուշտներով>>:
Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդականին համաձայն՝ կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան դէպքին առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործին քննութիւնը յանձնած է յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան. <<Քրէական գործով նախաքննութիւնը տեղափոխուել է Երեւան՝ յատկապէս կարեւոր գործերի քննութեան գլխաւոր վարչութիւն>>: Ըստ Տռուզեանի՝ դէպքի վայր այցելած են Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալներ Արամ Թամազեանը եւ Վահագն Յարութիւնեանը: Յայտարարուած է արտակարգ վիճակ, որպէսզի կարելի ըլլայ յանցագործը գտնել։
Ոստիկանութիւնը, իր հերթին, հաղորդած է, որ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի յանձնարարութեամբ անմիջապէս ստեղ-ծուած է յատուկ խումբ՝ ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, որ մեկնած է Գիւմրի: <<Գիւմրիում աշխատում են ոստիկանութեան տարբեր ծառայութիւնների բարձրաստիճան սպաներից ձեւաւորուած օպերատիւ խմբեր, յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման ծառայողներ: Իրականացւում են անյետաձգելի օպերատիւ-հետախուզական փնտռողական համալիր միջոցառումներ>>, տեղեկացուցած են ոստիկանութենէն։
Բացի Հայաստանի իրաւապահներէն՝ Գիւմրիի մէջ որոնման աշխատանքներ կատարած են նաեւ ռուս զինուորներ։
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտարարութիւն մը հրապարակած է Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան առնչութեամբ։ Ըստ հայրենի մամուլին, յայտարարութեան մէջ նշուած է. <<Ցնցուած ենք Գիւմրիում տեղի ունեցած սոսկալի ողբերգութեամբ: Սգում ենք հայ ժողովրդի հետ միասին: Ցաւակցութիւն ենք յայտնում սպաննուածների հարազատներին: Այդ սարսափելի ողբերգութիւն իրականացնողը պէտք է խստագոյնս պատժուի: Ներկայ պահին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համապատասխան մարմինները անհրաժեշտ հետաքննական գործընթաց են իրականացնում՝ նպատակ ունենալով կատարուածի օբյեկտիւ եւ բազմակողմ հետաքննութիւն իրականացնել: Հետախուզական խմբերը կենտրոնացրել են իրենց ջանքերը՝ համաձայն Հանրապետութեան տարածքում 102 ռազմաբազայի տեղակայման մասին պայմանագրի>>

 

Ոճրագործը, որ ձեռբակալուած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վրայ ռուս սահմանապահներու կողմէ


 


comments

Advertisement