By Asbarez | Monday, 12 January 2015
Հակահայ գործունէութեամբ ծանօթ դարձած տխրահռչակ <<Թալէաթ փաշա կոմիտէ>>ն, որ քանի մը առիթներով սպառնալիքներ ուղղած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումները խանգարելու միտումով, այս անգամ նոր յղացում մը ունեցաւ Աթէնքի մէջ հաւաքուելու եւ Յունաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ հաւաք մը կազմակերպելու, մերժելով երկրի օրէնք դարձած խորհրդարանի որոշումը, որ քրէական արարք կը նկատէ հայոց, յոյներու եւ Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը:
Սինտաղմայի հրապարակին վրայ Ուրբաթ կէսօրին նախատեսուած հաւաքին մասնակցելու համար Թուրքիայէն օդանաւով ճամբայ ելան 20 հոգի, գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան ղեկավար Իսմայիլ Հաքքը Փեքինի, որպէսզի մամլոյ ասուլիս մը սարքեն խորհրդարանի շէնքին առջեւ:
Յունաստանի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը, տեղեակ ըլլալով այս հաւաքի մասին, որոշեց ներկայ ըլլալ եւ կանխարգիլել նման միջոցառման կազմակերպումը, որ հակահայ իր բնոյթէն անդին, նպատակ ունէր գրգռել եւ անարգել յունական պետութիւնը: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի քանի մը տասնեակ ընկերներ, կանուխէն համախմբուեցան Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, կտրուկ մերժելով Յունաստանի մայրաքաղաքի եւ ազատ ու ժողովրդավար երկրի մը խորհրդարանին առջեւ նման ցեղապաշտական միջոցառման կազմակերպումը:
Ինչպէս շուտով յայտնի դարձաւ, <<Թալէաթ փաշա կոմիտէ>>ի անդամները, ժամանած ըլլալով Աթէնք, տեղեակ պահուեցան, թէ հայութեան ներկայացուցիչներ ներկայ են արդէն Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, իրենց մամլոյ ասուլիսին հակազդելու նպատակով: Այս եղելութեան լոյսին տակ, տեսնելով թէ երկրի օրէնքը հեգնելու եւ հայութեան դէմ հալածանքի ու սպառնալիքներու իրենց նպատակը դժուար իրագործելի պիտի ըլլար, հանդիպելով հակազդեցութեան եւ բախումներու, ենթարկուելով ոստիկանութեան ցուցմունքին, անոնք վերադարձան օդանակայան եւ անկէ՝ անմիջապէս մեկնեցան դէպի Թուրքիա:
<<Յոխորտանքներով եւ սպառնալիքներով Թուրքիայէն ճամբայ ելած <<Թալէաթ փաշա կոմիտէ>>ի անդամները, Աթէնք ժամանեցին՝ լեցուած թրքական անբարտաւանութեամբ, բայց շուտով մեկնեցան՝ պարապ ձեռքերով եւ պարտութիւն մը ճաշակած ըլլալու դառնութեամբ>>, կը նկարագրէ մեր պաշտօնակից <<Ազատ Օր>> օրաթերթը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ