By Asbarez | Monday, 12 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը քննադատած է Փարիզի մէջ <<Շարլի Հեպտօ>> երգիծաթերթի դէպքերուն առնչութեամբ կազմակերպուած համերաշխութեան երթին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի մասնակցութիւնը:
Ըստ թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>> կայքին՝ յատարարութեան մէջ ըսուած է. <<Իր բանտերուն մէջ մրցանշային թիւով լրագրողներ պահող պետութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը այս երթին ամօթալի է եւ վիրաւորական <<Շարլի Հեպտօ>>ի ոգիին>>: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Թուրքիա օգնութիւն կը տրամադրէ իսլամ ծայրայեղական եւ ահաբեկչական այն հոսքաներուն, որոնք ահաբեկչութիւնը իրականացուցած են Փարիզի մէջ: Յիշեցուած է նաեւ 2013ի Յունուարին, Փարիզի մէջ երեք քիւրտ կին գործիչներու սպաննութիւնը, որուն, ինչպէս յետագային պարզուեցաւ, մեղսակից էին թրքական յատուկ ծառայութիւնները:
Յայտնենք, թէ Ֆրանսայի հայ համայնքը երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ մասնակցած է <<Շարլի Հեպտօ>> թերթին դէմ իրականացուած ահաբեկչութիւնը դատապարտող եւ զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցող հանրահաւաքներուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ