Ձերբակալուած Պերմեաքովը ընդունած է Գիւմրիի սպանդը գործած ըլլալու յանցանքը

By Asbarez | Tuesday, 13 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– 12 Յունուարին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր սպանդը գործած ըլլալու յանցանքով հիմնական կասկածելին արդէն ձերբակալուած է հայ–թրքական սահմանին մօտ՝ Բայանդուր եւ Երազգաւորս գիւղերու հատուածին մէջ, եւ աւելի ուշ խոստովանած է, որ ինք գործած է այդ սարսափելի սպանութիւնը։

12-13 Յունուար լուսցող գիշերը Շիրակի մարզի դատախազ Րաֆֆի Ասլանեան <<Ազատութեան>> յայտնած է, որ ռուս սահմանապահները յայտնաբերած են Գիւմրիի սպանդին գծով կասկածելի եւ հետապնդուող Վալերի Պերմեաքովը: Ռուսական կողմը իսկոյն բանաւոր կերպով հայ իրաւապահները տեղեկացուցած է անոր յայտնաբերման եւ ռուսական ռազմակայան անոր փոխադրութեան մասին։

Գիւմրի կը գտնուէր նաեւ Մոսկուայէն այս առիթով ժամանած յատուկ յանձնաժողովը՝ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարին գլխաւորութեամբ: Ան տեսակցած էր նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ, որ լրագրողներուն հետ զրուցելով՝ ըսած է. <<Այսօր տեղին չէ սա քաղաքականացնել, եւ տեղին չէ՝ սրա մէջ փնտռել մեր յարաբերութիւնների մէջ ինչ-որ վատթարացում, որովհետեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ մենք բաւականին բարձր մակարդակի՝ քաղաքական մակարդակի, յարաբերութիւններ ունենք, քաղաքական երկխօսութիւն ունենք, մանաւանդ որ չափազանց բարձր մակարդակի վրայ է գտնւում մեր ռազմական համագործակցութիւնը>>։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ դէպքերուն մէջ հրամանատարական կազմը յանցանք կամ թերացում ունի՞՝ Օհանեան նշած է, որ տակաւին մանրամասնութիւններու բացայայտում կը կատարուի։ <<Եկէք առանց քննութեան որեւէ տեսակէտ չարտայայտենք: Կարծում եմ, որ իւրաքանչիւր այսպիսի դէպքերի շրջանակներում մեղաւորների շրջանակ լինում է՝ անհատը, նրա շրջապատը, կոլեկտիւը, որտեղ որ այդպիսի բան է ձեւաւորուել, անմիջական այն ղեկավարներն, ովքեր աշխատել են տուեալ զինծառայողի հետ: Քրէական ողջ գործընթացն այդ ամէնը կը պարզի>>, ըսած է նախարարը:

13 Յունուարին Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական 102րդ ռազմակայանի ռուս զինուորական ծառայող Վալերի Պերմեաքով ընդունած է իր կատարած յանցանքը։ <<Վալերի Պերմեաքովը խոստովանական ցուցմունք է տուել: Նա պատճառաբանել է, որ, նախնական, իբր քաղաքում է ցանկացել ման գալ, յետոյ պատահական այդ տունն է մտել՝ առանց իմանալու ներսում մարդիկ կան, թէ՝ ո>>չ, յայտնած է Պօղոսեան:

Վեց մարդու դաժան սպանութեամբ մեղադրուող ռուս զինուորականը կը գտնուի ռուսական 102րդ ռազմակայանին մէջ, հայ ու ռուս իրաւապահները տակաւին կը քննարկեն քրէական գործը հայկական կողմին յանձնելու հարցը:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ կասկածեալը կը գտնուի ռուսական կողմին մօտ եւ արդեօք պիտի յանձնուի՞ հայկական կողմին ու ե՞րբ՝ Հայաստանի փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան ըսած է. <<Իրենք գտնում են նպատակայարմար գործը փոխանցել հայկական կողմին, այս պահին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազութիւնների եւ գլխաւոր դատախազների միջեւ այդ խնդիրն ու հարցերն են լուծւում>>:

Ան նշած է, որ դէպքին առիթով ռուսական կողմը եւս քրէական գործ յարուցած է՝ դասալքութիւն եւ սպանութիւն յանցանքներով, հաւանաբար կ՛աւելնայ նաեւ երրորդ յօդուածը՝ սահմանը հատելու փորձ:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս կը կատարուին քննչական գործողութիւնները, եւ արդեօք ռուսական պատուիրակութեան ժամանումն ու ռուսական զօրամասին մէջ Պերմեաքովի գտնուելը չի՞ խոչընդոտեր առարկայական քննութիւնը՝ Յունան Պօղոսեան ըսած է. <<Բացարձակապես, նրանք եկել են միայն օբյեկտիւութիւն ապահովելու համար, նաեւ, ինչու չէ, պատժելու բոլոր նրանց, ովքեր ունեն մեղքի իրենց բաժինը>>:

Արդէն իսկ Գիւմրիի մէջ շրջան կ՛ընէ լուր մը, որուն համաձայն, Պերմեաքովի յայտնաբերման գործողութիւնը միտումնաւոր կերպով յետաձգուած է, որպէսզի ան, ի վերջոյ, յայտնուի ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ եւ անոնց կողմէ ձերբակալուի. այս դիտարկման պատասխանելով՝ փոխոստիկանապետը ըսած է. <<Ո՛չ: Ինֆորմացիայի փոխանակման, համակարգման, ձեռքբերման լուրջ աշխատանքներ են կատարուել՝ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, դատախազութիւն, քննչական կոմիտէ: Աշխատել ենք շատ համակարգուած, տեսել ենք անկեղծ շահագրգռուածութիւնը նաեւ մեր ռուս գործընկերների կողմից>>:

Պերմեաքովի զոհերը

Այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է նաեւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը, որ նշած է, թէ Վալերի Պերմեաքովը Հայաստանի իրաւապահներուն հարցը չի քննարկուիր։

<<Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր դատախազութիւնները քննարկել են Գիւմրիում նախօրէին տեղի ունեցած սպանութեան գործի մանրամասները: Երկուստեք ընդգծուել է, որ տեղի ունեցած ողբերգութեան բոլոր մեղաւորները պէտք է պատժուեն օրէնքի ողջ խստութեամբ։

Յանցագործութեան կատարման մէջ կասկածուող Վալերի Պաւելի Պերմեակովը Ռուսաստանի քաղաքացի է եւ գտնւում է Ռուսաստանի իրաւապահների հսկողութեան՝ նոյնն է՝ Ռուսաստանի իրաւազօրութեան ներքոյ: Հետեւաբար Վ. Պերմեակովին Հայաստանի իրաւապահներին յանձնելու հարց չի քննարկւում, նկատի ունենալով Ռուսաստանի սահմանադրութեան 61րդ յօդուածի 1ին կէտում ամրագրուած արգելքը, համաձայն որի, Ռուսաստանի քաղաքացին չի կարող յանձնուել այլ պետութեան: Համանման արգելք է սահմանուած նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեան 30.1 յօդուածի դրոյթներով, որի գործողութեան պայմաններում Հայաստանի որեւէ քաղաքացի երբեւէ չի յանձնուել այլ պետութեան:

Քննութիւնը վարում են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իրաւապահ մարմինները: Քննութիւնն իրականացուելու է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իրաւապահ մարմիների ակտիւ իրաւական փոխգործակցութեամբ: Հայկական կողմը հետեւողական է լինելու, որպէսզի բոլոր մեղաւորները օրէնքով սահմանուած կարգով ենթարկուեն պատասխանատուութեան>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

comments

Advertisement