Խրուաթիոյ առաջին կին նախագահը

By Asbarez | Tuesday, 13 January 2015

 

ՄՈՍԿՈՒԱ.- <<ՌԻԱ Նովոսթի>>ն կը հաղորդէ, որ Խրուաթիոյ նախագահ, ընկերվար-ժողովրդավար 57ամեայ Իվօ Եոսիփովիչ պարտուած է երկրի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին: Նախագահի պաշտօնին ընտրուած է 46ամեայ Քոլինտա Կրապար Քիթարովիչը:

Պետական ընտրական յանձնախումբի արդիւնքներուն համաձայն՝ Կրապար Քիթարովիչ ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին հաւաքած է 50.5 առ հարիւր, իսկ Եոսիփովիչ՝ 49.5 առ հարիւր: Կիրակի օրուան նախագահական ընտրութիւնը Խրուաթիոյ պատմութեան մէջ եղած է ամէնէն անկանխատեսելին. թեկնածուներուն միջեւ տարբերութիւնը եղած է շուրջ քսան հազար ձայն, իսկ քուէաթերթիկներու հաշուարկին ժամանակ յառաջատարը պարբերաբար փոխուած է: Այսպիսով, Խրուաթիան, 1991ին անկախանալէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով կին նախագահ մը ընտրեց:


comments

Advertisement