Հոլանտ Նեթանիահուէն խնդրա՞ծ է Փարիզի քայլարշաւին չմասնակցիլ

By Asbarez | Tuesday, 13 January 2015

 

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Լաւատեղեակ աղբիւր մը ռուսական <<vz.ru>> կայքին յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն խնդրած է Փարիզ չայցելել Կիրակի օրուան քայլարշաւի նախօրեակին:


Հոլանտի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ժագ Օտիպեր կապ հաստատած է իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոսի Քոհենի հետ՝ ըսելով, որ Ֆրանսայի ղեկավարը չի փափաքիր Փարիզի մէջ կայացած ահաբեկչութեան հետ կապուած երթին տեսնել Նեթանիահուն:

Օտիպեր բացատրած է, որ այդպիսով, Հոլանտ չէ փափաքած բորբոքել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը:

Ֆրանսական կողմը նաեւ մտավախութիւն յայտնած է, որ Նեթանիահուն տուեալ քայլարշաւը պիտի օգտագործէ նախընտրական քարոզարշաւ կատարելու եւ Ֆրանսա բնակող հրեաներուն ուղղուած քարոզներ կարդալու համար:

Սկիզբը Նեթանիահու համաձայնած է Փարիզ չմեկնիլ, սակայն որոշ ժամանակ ետք միտքը փոխած է: Այդ քայլէն ետք, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, որ սկիզբը ինք եւս յայտնած էր, թէ պիտի չմեկնի Փարիզ, փոխած է որոշումը ու գացած:

Նոյն տեղեկութիւնը փոխանցեց նաեւ իսրայէլեան <<Հաարեց>> օրաթերթը՝ նշելով, որ Հոլանտ չէ փափաքած, որ Նեթանիահու եւ Ապպաս ներկայ գտնուին Փարիզի քայլարշաւին, որպէսզի լուսարձակները կեդրոնանան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ:

Նշենք, օր Ապպաս Փարիզէն Անգարա մեկնած էր եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպած։ Այս առիթով, Էրտողան քննադատեց Իսրայէլը ու ըսաւ, որ կը դժուարանայ հասկնալ, թէ այդ երկիրի վարչապետը <<ի՞նչ յանդգնութեամբ մասնակցած է Փարիզի քայլարշաւին>>։

 

comments

Advertisement