Քարտաշեանները Ապրիլին Հայաստան պիտի այցելեն

By Asbarez | Tuesday, 13 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>>.- Երեքշաբթի, Յունուար 13ին հաղորդուեցաւ, որ Քիմ Քարտաշեան իր քոյրերուն հետ, յառաջիկայ Ապրիլին Հայաստան պիտի այցելէ։ Ըստ <<EOnline>> կայքին՝ Քիմն ու անոր քոյրերը՝ Քլօուին եւ Քորթնին, առաջին անգամ ըլլալով կը պատրաստուին այցելելու իրենց հայրենիքը: Քոյրերը նաեւ իրենց երեխաները պիտի տանին Հայաստան, սակայն ցարդ յայտնի չէ, թէ Քիմի ամուսինը՝ Քանիէ Ուեթ, պիտի ընկերանա՞յ անոնց, թէ ոչ:


<<Քիմը միշտ երազած է Հայաստան երթալու մասին։ Հոն են անոր արմատները>>, յայտնած է աղբիւրը։

Յայտնի չէ նաեւ, թէ արդեօք Քիմի այցը կապուա՞ծ է Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ, թէ ոչ:

<<Հայկական արմատներս մեծ նշանակութիւն ու կարեւորութիւն ունին ինծի համար>>, <<Քոզմոփոլիթըն>>ին տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին ըսած էր Քիմ, որ անցեալին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչեր կատարած է:

 

comments

Advertisement