By Asbarez | Tuesday, 13 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>>.- Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ Երկուշաբթի, Յունուար 12ին սպաննուած 16ամեայ հայ երիտասարդը՝ Միշել (Միքայէլ, Միշա) Ասատուրեանն է, որ աշակերտ էր <<Քամիլ-Ժուլիանի>> մասնագիտական դպրոցին ու մերձաւորներու վկայութեամբ՝ գնահատուած եւ սիրուած երիտասարդ մըն էր. այս մասին կը գրէ <<Նուվէլ տ՛Արմէնի>> թերթը, որուն տեղեկութիւններով՝ Ասատուրեան սպաննուած է երկաթեայ ձողերով կատարուած դաժան յարձակումի մը հետեւանքով: Յարձակումը իրականացուցած են Ասատուրեանի հետ վիճած աղջկայ մը եղբայրները: Ականատեսներ յայտնած են նաեւ դանակի հարուածներու մասին:
Դէպքը տեղի ունեցած է, երբ դասի մը ընթացքին Ասատուրեանի եւ անոր հասակակից աղջկայ մը միջեւ վիրաւորանքներ հնչած են: Վերջինս սպառնացած է իմաց տալ իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք Յունուար 12ին յայտնուած են դպրոցի մուտքը: Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ ձերբակալած է աղջիկը։
Միշելի հայրը, որ Հայաստանէն է, դէպքէն ետք տեղափոխուած է հիւանդանոց՝ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով:
Մարսէյի 6րդ հատուածը ներկայացնող պատգամաւոր Վալերի Պուայէ յայտարարած է, որ սարսափած է տեղի ունեցած ողբերգութենէն եւ մօտէն պիտի հետեւի հարցի հետապնդման:
<<Ֆէյսպուք>>ի վրայ, Արմանդ Աւագեան գրած է, թէ Միքայէլ մահացած է եղբօր ձեռքերուն մէջ, դանակի հարուածներ ստանալէն ետք: Տեղի ունեցած ծեծկռտուքին ընթացքին յանցագործները կրցած են փախչիլ: <<Ամենայն հաւանականութեամբ, յանցագործները արաբական ծագումով երիտասարդներ են>>, գրած է ան։
Քաղաքի հայութիւնը սուգի հաւաք կազմակերպած է շրջանի Հայ առաքելական եկեղեցիին մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ