Ֆրանսացիներու միասնականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատմական քայլարշաւ

By Asbarez | Monday, 12 January 2015

 

 

ՓԱՐԻԶ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>>.- Ֆրանսայի մէջ 17 զոհ պատճառած եռօրեայ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, մօտաւորապէս 2 միլիոն ֆրանսացիներ Յունուար 11ին, Փարիզի մէջ մասնակցեցան միասնականութեան քայլարշաւի մը: Քայլարշաւին մասնակցեցան աշխարհի աւելի քան 50 ղեկավարներ, որոնք քալեցին թեւ-թեւի՝ իբրեւ միասնականութեան ցուցանիշ:


Քայլարշաւին մասնակից օտար ղեկավարներուն շարքին էին Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ վարչապետները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Մասնակիցները բացագանչեցին <<Ազատութիւն>> եւ <<Շարլի>>, ոմանք Ֆրանսայի դրօշը բարձրացուցած էին, իսկ ուրիշներ մեծ մատիտ մը, որուն կողքին գրուած էր. <<Չեմ վախնար>>: <<Ես Շարլին եմ>> կարգախօսը տիրական էր:

Նման քայլարշաւներ տեղի ունեցան Լոնտոնի, Մատրիտի, Գահիրէի, Սիտնիի, Թոքիոյի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ քայլարշաւէն առաջ յայտարարեց. <<Փարիզը այսօր աշխարհի մայրաքաղաքն է։ Ամբողջ երկիրը ոտքի պիտի կանգնի>>:
Նշենք, որ մինչ Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ Յունուար 9ին պաշարած էր <<Շարլի Հեպտօ>> շաբաթաթերթին մէջ կատարուած սպանդին հարցով կասկածելիները, այլ զինեալ մը Փարիզի մէջ հրէական կերակուրներ ծախող խանութի մը մէջ պատանդներ բռնեց:

Փարիզէն 35 քիլոմեթր հիւսիսարեւելք գտնուող շրջանի մը մէջ, կասկածելիները եւս պատանդներ բռնած էին:

Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը երկու վայրերն ալ ներխուժեց՝ սպաննելով պատանդներ բռնած երեք զինեալները: Ոստիկանութեան ներխուժումէն առաջ, հրէական խանութին մէջ չորս պատանդներ սպաննուեցան, իսկ չորս այլ պատանդներ գործողութեան ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցան եւ 15 ուրիշներ փրկուեցան: Գործողութեանց ընթացքին երկու ոստիկաններ վիրաւորուեցան:

Պաշտօնատար մը յայտնեց, որ <<Շարլի Հեպտօ>>ի վրայ յարձակումը իրագործած երկու եղբայրներէն մէկը <<քանի մը ամիս>> Եմէնի մէջ <<Քայիտա>>ի մէկ ճամբարին մէջ մարզուած է:

Նաեւ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ վերոնշեալ քայլարշաւին իր երկիրին մասնակցութիւնը իսլամներուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պատգամ մըն է, մինչ Ֆրանսայի իսլամական գլխաւոր համադաշնակցութիւնը ֆրանսական 2300 մզկիթներու իմամներուն կոչ ուղղեցին <<առաւելագոյն խստութեամբ դատապարտելու բռնարարքը եւ ահաբեկչութիւնը>>:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Էրիք Հոլտըր յայտարարեց, որ իր երկիրը Փետրուար 18ին պիտի հիւրընկալէ վեհաժողով մը՝ քննարկելու համար աշխարհի վրայ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու կարելիութիւնները, Փարիզի մէջ յարձակումներուն լոյսին տակ։

 


comments