Հոլանտայի մէջ հակահայ ժողով կը ծրագրուի ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով

By Asbarez | Monday, 12 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>>.- Յունուար 17ին, Հոլանտայի Ռոթերտամ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժողով մը, այսպէս կոչուած՝ <<Թուրքերու դէմ ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան հիմնարկ>>ի ղեկավար Սեֆա Եուրուքելի ղեկավարութեամբ, կը հաղորդէ թրքական <<Սօնհապեր>> կայքը:

Եուրուքել մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած է եւ բոլորը հրաւիրած է մասնակցելու բաց ժողովին, ուր Ցեղասպանութիւնը հերքելու փորձեր պիտի կատարուին:
Ժողովին կազմակերպման կը մասնակցի նաեւ Հոլանտայի թուրքերու խորհուրդը:

Նշենք, որ Հոլանտայի խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչած է 2004ին:

 


comments

Advertisement