By Asbarez | Wednesday, 14 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>, <<Նի-ուզ>>.– 14 Յունուարին Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած ցոյցերուն ընթացքին ցուցարարները պահանջեցին վեց հոգիի սպանութեան մէջ կասկածելի Վալերի Պերմեաքովի գործը յանձնել հայ իրաւապահներուն:
14 Յունուարի երեկոյեան Հայաստանի նախագահական նստավայրին առջեւ բազմամարդ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ։ Տասնեակ ոստիկաններ պատ կազմած՝ ցուցարարներուն թոյլ չտուին մայթը անցնիլ բողոքի ցոյցը շարունակելու համար:
Աւելի ուշ նախագահի նստավայրէն դուրս ելաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը, որ, սակայն, չմօտեցաւ հաւաքուածներուն եւ սուլոցներու, <<Ամօ>>չ եւ <<Ստրուկ>> բացագանչութիւններու տարափին տակ ներս մտաւ։
Երթին մասնակիցները բարձրացուցին Աւետիսեաններու զոհուած երկամեայ դստեր լուսանկարը։ <<Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկրորդ սորտի պետութիւն չէ, եթէ յանցագործութիւնը տեղի է ունեցել Հայաստանում, մէկ այլ պետութիւն իրաւունք չունի յանցագործին միջազգային պայմանագրի խախտմամբ մեր պետութիւնից ուղղակի փախցնել եւ յանցագործին պաշտպանել հայ իրաւապահներից: Պէտք է բացայայտուի, թէ ինչպէս է զինծառայողը զէնքով դուրս գալիս եւ գնդակահարում խաղաղ բնակիչների: Այդ ամէնին պէտք է բացատրութիւններ տրուեն եւ ապագայում կանխուեն նման դէպքերը>>, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ցուցարարներէն Դանիէլ Իոանիսեանը:
Ցուցարարները իրենց պահանջը նամակով ներկայացուցին նաեւ նախագահական նստավայրի դիմումներու եւ բողոքներու բաժինին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ