Հայկական եւ Ռուսական կողմերը կը հաստատեն, որ յանցագործը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 14 January 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– 14 Յունուարին Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բազմամարդ բողոքի ցոյցերէն ետք հայ եւ ռուս պաշտօնեաները հանդէս եկան Գիւմրիի սպանդին գծով կասկածելի ռուս զինուորին վերաբերեալ ուշագրաւ յայտարարութիւններով:

Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ այս առիթով կայացած խորհրդակցութենէն ետք գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան <<Ազատութեան>> յայտնած է, որ յանցագործը քրէական պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ՝ աւելցնելով, որ 15 Յունուարին՝ առաւօտեան ժամը 10։00ին ան Գիւմրի պիտի մեկնի։

<<Վստահեցնում եմ, որ յանցագործը քրէական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուի Հայաստանի տարածքում, եւ մենք բոլորս հնարաւորութիւն կ՛ունենանք թէ՛ հետեւել ամբողջ ընթացակարգին, եւ թէ մենք կը տեսնենք ամբողջ պատասխանատուութեան ենթարկելու գործընթացը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ բան որեւէ մէկին չի զիջում>>, ըսած է գլխաւոր դատախազը:

Մինչ այդ նոյն օրը երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Արկադի Պախին ըսած է, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնաժողովը աւարտած է ներքին ծառայողական քննութեան աշխատանքները ռուսական 102րդ ռազմակայանին մէջ եւ բոլոր մեղաւորները բացայայտուած են:

<<Բանակի գեներալ Արկադի Պախինը յայտնել է նաեւ, որ, Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի համաձայն, յարուցուած քրէական գործով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած Ռուսաստանի 102րդ ռազմակայանի զինծառայող, շարքային Վալերի Պերմեաքովը գտնւում է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում>>, նշուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ, ուր հաստատուած է նաեւ, որ՝ <<Քրէական գործի շրջանակներում հետագայ աշխատանքները կ՛իրականացնեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համապատասխան իրաւապահ մարմինները>>։

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իւան Վոլինքինը Գիւմրիի սպանդին մասին խօսելով՝ հաստատած է, որ անիկա պէտք չէ քաղաքականացուի։

Անդրադառնալով այս առիթով կազմակերպուած եւ կազմակերպուելիք բողոքի ցոյցերուն՝ ան դիտել տուած է, որ մարդիկ իրաւունք ունին իրենց զգացումներն ու կարծիքը արտայայտելու։

<<Ես կը հասկնամ մարդոց վիճակը, անոնց զգացումները, որովհետեւ դաժան յանցագործութիւն տեղի ունեցած է, եւ յանցագործը պէտք է պատասխանատուութեան կանչուի։ Մարդիկ, ի հարկէ, իրաւունք ունին հոս գալու, իրենց կարծիքը, զգացումները արտայայտելու: Բայց կը կարծեմ, թէ այս հարցը պէտք չէ քաղաքականացնել>>, ըսած է դեսպանը։

<<Մենք պէտք չէ քաղաքական հրդեհ բորբոքենք այս հարցին շուրջ: Կը կարծեմ, թէ քննութիւնը պիտի բացայայտէ այս գործին բոլոր մանրամասնութիւնները եւ յանցագործը համարժէք պատիժը պիտի կրէ>>, յայտնած է դեսպանը։

 


comments

Advertisement