By Asbarez | Thursday, 15 January 2015
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, չեխական <<Լիթերառնի Նովինի>> թերթին հետ հարցազրոյցի մը մէջ մեկնաբանելով վերջերս Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ ըսաւ. <<Երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքայիններու սպանութեան, անկախ քաղաքական կեցուածքէն, ասիկա ահաբեկչութիւն է: Իսկ մենք դէմ ենք աշխարհի որեւէ վայրի մէջ անմեղներու սպանութեան: Մենք աշխարհի մէջ այս հարցը ամէնէն շատ հասկցող երկիրն ենք, որովհետեւ չորս տարիէ ի վեր կը տառապինք այս տեսակի ահաբեկչութենէն եւ Սուրիոյ մէջ հազարաւոր անմեղներ կորսնցուցինք: Ուստի, այդ զոհերու ընտանիքներուն նկատմամբ կարեկցանք կը զգանք: Սակայն միաժամանակ կ՛ուզենք Արեւմուտքի մէջ շատերուն յիշեցնել, որ մենք Սուրիոյ մէջ տագնապի սկիզբէն ի վեր այս հետեւանքներէն զգուշացուցինք: Կ՛ըսէինք. <<Պէտք չէ ահաբեկչութեան աջակցիք եւ անոր քաղաքական ծածկոյթ ապահովէք, որովհետեւ ատիկա ձեր երկրին ու ձեր ժողովուրդներուն վրայ պիտի ազդէ>>: Մեզի մտիկ չըրին. արեւմուտքցի քաղաքագէտները անհեռատես էին: Այն, ինչ քանի մը օր առաջ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ, փաստեց, թէ մէր ըսածը ճիշդ էր. միաժամանակ՝ այս դէպքը նման է եւրոպական քաղաքականութեան հարցաքննութեան, որովհետեւ անիկա է պատասխանատուն մեր շրջանին եւ վերջերս Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցածին, եւ թերեւս այն դէպքերուն, որոնք նախապէս տեղի ունեցած են եւրոպական այլ երկիրներու մէջ>>:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Փարիզի մէջ ահաբեկչական յարձակումը գործադրեցին ահաբեկիչներ, <<որոնք անդամ էին Սուրիոյ մէջ Արեւմուտքին աջակցութիւնը վայելած ահաբեկչական խմբաւորումներուն>>՝ նշելով. <<Ահաբեկիչները ահաբեկչութեան արուեստին մէջ հմտացան Սուրիոյ մէջ>>: Ան զգուշացուց, որ ահաբեկչական գործունէութիւնը սահմաններ չի ճանչնար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ