By Asbarez | Thursday, 15 January 2015
ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>>.- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրա յայտարարեց, որ այս տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան քաղաքական լուծումի հասնելու նախնական համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի։ Ան նշեց, որ սուրիական հակամարտութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն մարդասիրական տագնապն է՝ նշելով, որ Սուրիա հակամարտութեան պատճառով <<քառասուն տարի ետ գնաց>>։
Ըստ անոր՝ կազմուած է նոր պատուիրակութիւն մը, որ պիտի ուղարկուի Դամասկոս, քննարկելու համար Հալէպի մէջ կռիւը սառեցնելու ծրագիրը։
<<Կը ձգտինք սուրիացիներու ղեկավարութեամբ քաղաքական հոլովոյթի մը>>, նշեց ան՝ աւելցնելով. <<Սուրիոյ մէջ որեւէ կողմ չի կրնար ճակատամարտին մէջ յաղթանակ արձանագրել>>։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ կը զօրակցի Սուրիոյ <<աւերիչ տագնապին վերջ տալու համար Ռուսիոյ ղեկավարութեամբ նոր բանակցութիւններ կատարելու ջանքերուն>>: Քերի գնահատեց նաեւ տէ Միսթուրայի ջանքերը:
<<Մտահոգ ենք Սուրիոյ շարունակուող աղէտով, որ այդ երկրի բնակչութեան երեք քառորդը տեղահանեց>>, ըսաւ Քերի, նշելով, որ տէ Միսթուրա մասնակից է շատ բարդ, սակայն կարեւոր ջանքերու՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու համար, <<սկսելով Հալէպէն, որ երկրի տնտեսական կեդրոնն էր եւ որ քանդուեցաւ 2012ի կէսէն ի վեր շարունակուող տագնապին պատճառով>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ