Սուլթանական տենչե՞ր

By Asbarez | Thursday, 15 January 2015

 

 

 

ՊՈԼԻՍ.- <<Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ>> կը հաղորդէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հիւրընկալման արարողութենէն ետք, «թրքական 16 մեծ կայսրութիւնները» ներկայացնող թուրք զինուորներու պատմական տարազներով զգեստաւորուած դերասաններ, ժողովրդային բուռն փափաքով դարձեալ մասնակցած են հիւրընկալման պաշտօնական արարողութեան մը, այս անգամ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ի պատիւ։

Էրտողան Ալիեւը ողջունած է, մինչ նախագահական պահակագունդի զինուորները անոնց մէկ կողմը շարքի կեցած էին, իսկ միւս կողմը՝ պատմական տարազներ հագած դերասանները։

 


comments