Սուրիոյ մուֆթին եւ կրօնից նախարարը կը դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Thursday, 15 January 2015

 

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի Դիւան>>.- Սուրիոյ գլխաւոր մուֆթին՝ տոքթ. Ահմատ Պատրըտտին Հասսուն եւ Սուրիոյ կրօնական հաստատութիւններու նախարար Մուհամմատ Ապտըլ Սաթթար Սայէտ, Իսլամ կրօնաւորներու եւ ուսուցիչներու պատուիրակութեամբ մը Երեքշաբթի, Յունուար 13ին այցելեցին Դամասկոսի Հայոց առաջնորդարանը: Պատուաւոր հիւրերը ընդունուեցան Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի եւ Դամասկոսի Ազգային իշխանութեան անդամներուն կողմէ: Այցելութիւնը կը կայանար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրէն ներս, որուն նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը յայտարարուեցաւ Յունուար 6ին, Դամասկոսի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:

Այցելութեան ընթացքին, մուֆթին եւ նախարարը յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին առթիւ, դատապարտելով ոճրագործ թուրքին կատարած Ցեղասպանութիւնը:

 


comments