Էրտողան բոլոր երկիրներու ղեկավարները Ապրիլ 24ին Թուրքիա կը հրաւիրէ

By Asbarez | Thursday, 15 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>>.- <<Հայկական Սփիւռքին կողմէ այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութեան օր յայտարարուած Ապրիլ 24ին, աշխարհի բոլոր երկիրներու ղեկավարները կը հրաւիրենք Թուրքիա, մասնակցելու Տարտանելի պատերազմի 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառման>>։ Յունուար 15ին, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, պաշտօնական այցով Անգարա գտնուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Թրքական <<Թուրքիյէ Կազեթես>>ջ լրատուական կայքին հաղորդումով՝ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան յայտարարած է նաեւ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան առեւտրա-շրջանառութեան ծաւալը ներկայ 5 միլիառ տոլարէն պիտի հասնի 25 միլիառ տոլարի՝ 2023ին։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին՝ Էրտողան ըսած է. <<Ծանօթացանք ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հետ կապուած վերջին զարգացումներուն: Կը տեսնենք, որ Մինսկի խմբակը անկեղծ չէ եւ անոնց ըսածները՝ անընդունել>>:

Իր կարգին, Ալիեւ ըսած է. <<Ապրիլ 24ին, Տարտանելի մէջ միասին պիտի ըլլանք: Այդ օրուան ընտրութիւնը շատ կարեւոր է: Հայաստան խաղաղութիւն չ՛ուզեր: Մինսկի խմբակն ալ արդիւնքի չի հասնիր: Հայաստան կը շարունակէ գրաւուած պահել Ղարաբաղը, որ պատմական ատրպէյճանական հող է>>:
Միւս կողմէ, թրքական որոշ լրատուամիջոցներ Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 24ին բոլոր երկիրներու ղեկավարները Թուրքիա հրաւիրուիլը բնութագրած են իբրեւ ռազմավարական եւ պատմական քայլ:


 


comments

Advertisement