Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով՝ Չաւուշօղլու անուղղակիօրէն Կը սպառնայ Ուաշինկթընին

By Asbarez | Thursday, 15 January 2015

 

 

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>>.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու թրքական <<Միլլիյէ>>չ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա չի փափաքիր Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով վատթարացնել Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները։

Չաւուշօղլու պատասխանած է շարք մը հարցումներու՝ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, ահաբեկիչներու գործունէութեան, Կիպրոսի հարցին եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Ան անդրադարձած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ու Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ապրիլ 24ին ակնկալուող Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւնը կրնա՞յ փոխուիլ՝ Չաւուշօղլու ըսած է. <<Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք։ Չէինք ուզեր, որ անոնք վատթարանան>>։

Պատասխանելով <<Ըսած էիք, թէ 1915ի հայկական թէզերու ուղղութեամբ կ՛աշխատի Թուրքիոյ մէջ գործող <<ընդյատակեայ պետութիւնը>>։ Ի՞նչ փաստ կայ այդ մասին։ Կիւլենը արտայանձնելու հարցին մէջ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ>> հարցումներուն՝ նախարարը ըսած է. <<<<Ընդյատակեայ պետութիւն>>ը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ դէմ գործող բոլոր լոպիներուն հետ կը համագործակցի։ Հայկական Սփիւռքի հետ աշխատող քոնկրեսականներու եւ ծերակուտականներու հետ միշտ կապի մէջ է։ Նուիրատուութիւն կ՛ընէ, Թուրքիոյ դէմ որոշումներու կայացում կը փափաքի։ Իսկ Կիւլենի արտայանձնման հարցով, դատավճիռը հասած է արդարադատութեան նախարարութիւն։ Հոլովոյթը պիտի շարունակուի>>։


 


comments

Advertisement