Հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրուած է. Տեմիրթաշ

By Asbarez | Tuesday, 20 January 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>>.- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրտաշ <> կայանէն դարձեալ յայտարարած է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՛ծ է: Ցեղասպանութիւնը ճանչցող քիւրտ գործիչը նշած է, որ Ցեղասպանութեան մէջ գոյութիւն ունեցած է նաեւ քիւրտերու դերակատարութիւնը:

<<Մենք առանց տատամսելու կ՛ընդունինք, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Քիւրտե՛րն ալ, բոլո՛րն ալ դերակատարութիւն ունեցած են այդ Ցեղասպանութեան մէջ: Սակայն քաղաքական որոշում կայացնողները եղած են Թալէաթ փաշան ու Էնվեր փաշան եւ <<Իթթիհատ վէ թերաքքի>>ն: Եթէ օսմանեան ողջ ժառանգութեան տէր կը կանգնիք, ապա ատոր ալ տէր կանգնեցէք>>, կոչ ուղղած է ան:

Տեմիրթաշ նաեւ խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնութիւնը՝ Ապրիլ 24ը <<Կալիփոլիի յաղթանակի օր>> հռչակելու մասին, եւ այդ առիթով յղուած հրաւէրները։ <<1915ի հարիւրամեակին ի պատասխան, կառավարութեան նման նախաձեռնութիւնը ամօթալի է>>, ըսած է ան։ Տեմիրթաշ նշած է, որ թրքական կառավարութենէն կ՛ակնկալուի առերեսում եւ ցաւակցութիւն Ապրիլ 24ի հարիւրամեակին, սակայն կառավարութիւնը հակառակը կ՛ընէ։

 

 


comments