Արեւմուտքը հրաժարած է Ասատի անյապաղ հրաժարականը պահանջելէ. «Նիւ Եորք Թայմզ»

By Asbarez | Tuesday, 20 January 2015

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- <<Նիւ Եորք Թայմզ>> կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը սկսած է ընկալելու իբրեւ խոչընդոտ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ, որոնք կը փորձեն գրաւել երկրի իշխանութիւնը։ <<Միացեալ Նահանգներու հայեացքները փոխուած են, իսկ Արեւմուտքը հրաժարած է Պաշշար Ասատի անյապաղ հրաժարականը պահանջելէ>>, կ՛ըսուի թերթին մէջ։
Օրաթերթը կը բացատրէ, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցի այն նախաձեռնութեան, որ Ռուսիոյ առաջարկն է՝ այս ամսուան վերջաւորութեան Մոսկուայի մէջ միջսուրիական խորհրդակցութիւններու կայացման վերաբերեալ։ Ուաշինկթըն կը զօրակցի նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրայի Հալէպի մէջ զինադադար հաստատելու ջանքերուն, որուն համար կենսական է Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հակամարտութեան սառեցումը։

ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մեկնաբանելով սուրիական ընդդիմադիր ուժերը մարզելու համար 400 զինուորներ ուղարկելու մասին ամերիկեան կառավարութեան անցեալ շաբաթ հրապարակուած որոշումը՝ ամերիկացի դիւանագէտ մը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ փակ նիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան ներկայ վարչակազմը Սուրիոյ տագնապին եւ Ասատի պաշտօնէն հեռացման շուրջ արմատական լուծումի չէ հասած իր դաշնակիցներուն հետ։
Ամերիկացի դիւանագէտը նշեց, որ յաջորդ նախագահի նստաշրջանին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախատեսուած քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը կրնայ դառնալ Ասատի իշխանութենէն հեռացումը։
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հոսէյն Ամիր Ապտելլահիան իրանեան <<Փրէս Թի.Վի.>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան ատեն մը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առաջարկած է իր կինն ու մանուկները կարճ ատենով փոխադրել Թեհրան, սակայն Ասատ պատասխանած է, որ ինք եւ իր ընտանիքը պիտի չհեռանան Սուրիայէն եւ սուրիացի ժողովուրդին կողքին պիտի մնան, նոյնիսկ՝ առկայ դժուարութեան մէջ։

 


comments

Advertisement