Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ Սերիոժայի հոգեհանգիստի արարողութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 20 January 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Գիւմրիի մէջ անգամ մը եւս համատարած եւ խոր սուգ տիրեց 20 Յունուարին, երբ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկ Սերեոժա Աւետիսեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը:

Եկեղեցին մարդաշատ էր, գիւմրեցիները, տարբեր շրջաններու բնակիչներ, պաշտօնատարներ եկած էին վերջին հրաժեշտ տալու վեց ամսական փոքրիկին: Ներկայ էին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան, առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան, կառավարութեան այլ անդամներ, պատգամաւորներ, Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան եւ այլն:

<<Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ կառավարութիւնը կ՛անեն ամէն ինչ, որպէսզի գիւմրեցիների՝ Գիւմրու ոճրագործութիւնը բացայայտելու պահանջի իրականացման համար տեղի ունենայ առաւելագոյնս արդար դատավարութիւն>>, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է վարչապետ Աբրահամեան։ <<Հայաստանում է Ռուսաստանի քննչական կոմիտէի նախագահը, եւ այժմ քննութիւն է իրականացւում: Հայաստանի իշխանութիւնները՝ նախագահի գլխաւորութեամբ, ամէն ինչ անում են, որպէսզի մեր ժողովրդի պահանջն ու խնդրանքն ի կատար ածուի: Տեղի ունեցածը մեզ համար մեծ դժբախտութիւն է, եւ Աւետիսեանների կորուստը մեծ է մեր ժողովրդի համար>>, դիտել տուած է վարչապետը:

Հոգեհանգստեան կարգը մատուցած, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեան իր խօսքին մէջ նշած է. <<Խորն էր ու ծանր էր վէրքը, որի դիմաց այս մանուկը պայքարեց տղամարդու տոկունութեամբ: Երկնքում աւելացաւ եւս մէկ հրեշտակ: Աստուած այնպէս տնօրինեց, որ ինքը միանայ իր ընտանիքին, եւ այսօր Աւետիսեան ընտանիքը խաղաղութեան մէջ է>>։

Ան կոչ ուղղած է բոլորին՝ վիշտը տանելու լուռ աղօթքով եւ առանց ցնցումներու: <<Սերեոժան 7րդ զոհն էր, 8րդ զոհը չպէտք է լինի: Ոչ մէկի ձայնը չպէտք է բարձրանայ, առաւել եւս ձեռքը: Մենք բոլորին պէտք է ցոյց տանք, որ հզօր ժողովուրդ ենք, ինչը ապացուցեցինք վերջին օրերին: Սա համազագային ողբերգութիւն էր եւ սրանով պէտք է փակենք ողբերգութեան այս էջը>>, յայտնած է Աջապահեան՝ համոզմունք յայտնելով այն մասին, որ մեղաւորները պիտի կրեն իրենց պատիժը:

21 Յունուարին Սերեոժայի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Շիրակի գերեզմանատան մէջ եւ վերջնական հանգիստ գտաւ ընտանիքի միւս վեց անդամներուն կողքին։

 


comments

Advertisement