Էթիէն Մահչուպեան Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան սպառնալի՞ք Մըն Է. «Զաման»

By Asbarez | Tuesday, 20 January 2015

 

 

Եուսթ Լակենտիյք <<Թուտէյզ Զաման>>ի մէջ կը գրէ.


<<Անկախ Թուրքիոյ փափաքէն, 2015ը պիտի ըլլայ այն տարին, երբ այս երկիրը՝ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, դարձեալ պիտի դիմագրաւէ այժմ աւելի հրամայական դարձած այն հարցումը, թէ ինչպէ՞ս կը նայի 1915ին օսմանցի հայերուն դէմ գործուած <<վայրագ արարքներուն>>:

Հայերը կը վայելեն աջակցութիւնը համաշխարհային հանրային կարծիքին, որոնք կը հաւատան, թէ Թուրքիա համոզիչ պատասխան մը տալու պատասխանատութիւնը կը կրէ: Հարիւրամեայ ժխտումէ եւ հարցը վերասահմանելու փորձերու ձախողութենէն ետք, Թուրքիան առնուազն ցոյց պիտի տայ, որ կը ճանչնայ այս անլոյծ խնդիրը եւ անոր պիտի պատասխանէ շինիչ ձեւով եւ կարեկցանքով:

Շատեր կը յուսան, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ այն ինչ, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ տարի սկսաւ, երբ 1915ին հայերու կորուստներուն համար ցաւակցութիւն յայտնեց: Անոր քայլը պատմական առաջին քայլ մըն էր եւ կը թուէր ցոյց տալ ներկայիս սառեցուած հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ եւ անցեալի վէճերուն վերաբերեալ նոր հանգրուանի մը նախաձեռնելու պատրաստակամութիւն մը:

Բազմաթիւ սպասումներ կան, որ Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան կրնայ այս հոլովոյթին մէջ դրական դերակատարութիւն մը ունենալ:
Այս զգուշաւոր լաւատեսութեան ենթահողին վրայ կարդացի յօդուած մը, որ կը վերաբերէր թրքական դպրոցական դասագիրքերու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին ներկայացման վերաբերեալ յօդուածի մը, որ սթափեցնող էր: Թաներ Աքչամին, թուրք պատմաբան մը, որ բազմաթիւ թուրքերու աչքերը բացաւ 1915ի ահաւոր իրադարձութեանց եւ այժմ Միացեալ Նահանգներ կը բնակի, եզրակացութիւնները ցնցիչ են ու տխրութիւն կը պատճառեն:

Աքչամ կը թուէ սխալներու եւ բացայայտ խեղաթիւրումներու բազմաթիւ օրինակներ, որոնք դասագիրքերու մէջ կ՛օգտագործուին հայերը իբրեւ նախայարձակ եւ թուրքերը իբրեւ անմեղ զոհեր ներկայացնելու համար: Անհաւատալի կերպով՝ այս հարցին վերաբերեալ բոլոր հրապարակումներէն ետք, պատմութիւնը տակաւին կը խեղաթիւրուի եւ կը խարդախուի տեղի ունեցած ջարդերը արդարացնելու համար: Աքչամի եզրակացութիւնը յստակ է. <<Նոր Թուրքիոյ մէջ ոչինչ նոր է: Ամէն ինչ տասնամեակներէ ի վեր կատարուածին կրկնութիւն մըն է>>:

Այս պատմական խեղաթիւրումներուն գլխաւորն ու ամէնէն անհանգստացնողը այն է, որ Թուրքիոյ եւ արտասահմանին մէջ գտնուող այսօրուան հայերը կը ներկայացուին իբրեւ Թուրքիոյ ապահովութեան մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկը: Թրքական պատմութեան դասագիրքերը այն պատգամը կը փոխանցեն, որ իւրաքանչիւր հայ թշնամի է:

Որքա՞ն երկերես է երկիր մը, ուր աշակերտները հայերուն դէմ կը լարեն, սակայն նոյն ատեն Էթիէն Մահչուպեանը, այս ազգին ամէնէն աչքառու ներկայացուցիչը, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականներէն մէկն է>>:

 

 


comments

Advertisement