Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ

By Asbarez | Tuesday, 20 January 2015

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Երկուշաբթի, Յունուար 18ին, Հրանդ Տինքի ոգեկոչման օրն էր։ Տինքի սպանութեան 8րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչման հանդիսութիւններ կայացան թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ արտասահմանի։ Անոնցմէ գլխաւորն էր այն, որ կայացաւ <<Ակօս>>ի խմբագրատան առջեւ, ճիշդ հո՛ն, ուր Տինք սպաննուեցաւ։ Տինքի բարեկամները, որոնք կը կրէին հայերէն ու քրտերէն վերտառութիւններ, ինչպէս՝ <<Բոլորս Հրանդ ենք>>, <<Բոլորս Հայ ենք>>, <<Թաքսիմ>> հրապարակին վրայ հաւաքուելու սկսան առտուան կանուխ ժամերէն սկսեալ, մինչ ոստիկանութիւնը երթեւեկի արգելքներ զետեղած էր <<Թաքսիմ>>էն մինչեւ Օսմանպէյ՝ որոշ կէտերու վրայ։


Հոծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ <<Ակօս>>ի խմբագրատան առջեւ։ Ցուցարարներու շարքին կային ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդավար կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Սըզկին Թանրըքուլու, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, երեսփոխաններ, Պեշիկթաշի քաղաքապետը եւ այլն։

Ցուցարարներու բազմութիւնը քալելու սկսաւ <<Կեզի>> հանրապարտէզէն, ապա <<Ակօս>>ի խմբագրատան առջեւ մեխակներ թողուց։

<<Հրանդ Տինքի բարեկամներ>>ուն անունով, այս անգամուան բանախօսն էր բանաստեղծ Մուրատհան Մունկան, որ <<Ակօս>>ի խմբագրատան պատուհանէն կարդաց իր երկարաշունչ ուղերձը։ Ան ըսաւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեամբ, երկիրը կորսնցուց ո՛չ միայն իր զաւակներէն մէկը, այլ նաեւ՝ արժէքաւոր լրագրող մը։ <<Այսօր աւելի շատ զգալի է արժանապատուութեան տէր կանգնող լրագրողներու պակասը. ճիշդ այդ պատճառաւ ալ, պէտք է տէր կանգնինք <<Ակօս>> թերթին, որ Հրանդ Տինքի չորրորդ զաւակն էր>>, ըսաւ Մունկան։

Կասկած չկայ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը լաւագոյն կերպով կ՛օգտագործուի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ։ Թանրըքուլու եւս խօսք առաւ եւ այս ոճիրին կապակցութեամբ մեղադրանքներ ուղղեց ուղղակիօրէն իշխող կուսակցութեան՝ շեշտելով, որ վերջին ութ տարիներուն ընթացքին, այդ կուսակցութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ոճիրին պատասխանատուութիւնը ուրիշներուն վրայ բեռցնէ։ <<Բոլոր այն պաշտօնեաները, որոնք սպանութեան թուականին պատասխանատուութիւններ ունէին, աւելի ետք պաշտօնի բարձրացումներու արժանացան, իսկ այն երկու վճռաբեկ ատեանի դատաւորները, որոնք Հրանդի մահը պատրաստող որոշումը ստորագրած էին, հակառակ ընդդիմադիրներու առարկութեան՝ <<ժողովուրդին փաստաբան>>ը նշանակուեցան։ Ահաւասիկ ա՛յս է մթնոլորտը. մէջտեղը կայ ոճիր մը, որուն մէջ կառավարութիւնը ունի իր պատասխանատուութիւնը եւ մենք ութ տարիէ ի վեր արդարութիւն կը փնտռենք>>, ըսաւ Թանրըքուլու։

Երեսփոխան Ումութ Օրան իր կարգին ըսաւ, որ այս խնդիրին մէջ ամէն մարդ <<երեք կապիկներ>>ու խաղը կը խաղայ։ Յայտնի է, որ ոմանք բաներ մը կը թաքցնեն, անկասկած որոշ շրջանակներ լուր ունէին, որ այս ոճիրը պիտի գործադրուի։

 

 

<<Ակօս>>ին առջեւ կազմակերպուած հաւաքոյթը աւարտեցաւ առանց լուրջ միջադէպի։

Անգարայի մէջ եւս ցոյց մը կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի ոգեկոչման առթիւ։ Ցուցարարները հաւաքուեցան <<Սաքարիա>> հրապարակին վրայ եւ ուզեցին քալել դէպի արդարադատութեան նախարարութիւն ու հոն կարդալ իրենց հաղորդագրութիւնը։ Բայց ոստիկանութիւնը չարտօնեց։ Ոստիկանները միջամտեցին ու արցունքաբեր կազ արձակեցին, ջուր սրսկեցին ցուցարարներուն վրայ եւ զանոնք ցրուեցին։

<<Ակօս>> շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Մալաթիոյ մէջ նոյն առիթով արարողութեան մը ընթացքին, երիտասարդ մը հաւաքուած բազմութեան ուղղութեամբ զէնք պարզած է։ Ան նախքան կրակելը վնասազերծուած է։ Երթի մասնակիցները՝ շուրջ հարիւր հոգի, լրագրողին նկարն ու մեխակներ բռնած՝ քալած են դէպի անոր ապրած թաղամասը։ Սակայն ինքնութիւնը չբացայայտուած նշեալ անձը զէնք քաշած ու պարզած է խումբին ուղղութեամբ։ Այդ պահուն քայլարշաւին հսկող ոստիկանները միջամտած են։ Անձը ձերբակալուած է ու հեռացուած տարածքէն։

Հրանդ Տինքի սպանութեան 8րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներու՝ Ատանայի, Իզմիրի եւ Այնթապի մէջ։ Իզմիրի մէջ քայլարշաւին ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կոչեր եւս հնչած են։ Մասնակիցները յարգած են Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ մամլոյ ազատութեան ի նպաստ յայտարարութիւն կատարած են։

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղը Յունուար 18ին եւս քայլարշաւ մը իրականացուցած է Հրանդ Տինքի սպանութեան 8րդ տարելիցին առիթով։ Մօտաւորապէս յիսուն հոգիէ բաղկացած խմբակ մը քալած է՝ կրելով վերտառութիւններ, որոնց վրայ գրուած էր՝ <<Երես առ երես եկէք Հրանդին ու Ցեղասպանութեան հետ>>, <<Քիւրտ, թուրք, հայ-կեցցէ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը>>։ Քայլարշաւին ընթացքին ցուցարարները նոր պիտակներ փակցնելով՝ խորհրդանշական կերպով փոխած են կարգ մը պողոտաներու անունները։ Էրկենեքոն պողոտայի անունը փոխելով՝ զայն վերածած են <<Հրանդ Տինք պողոտայ>>ի։
Վերջապէս, Յունուար 18ին, Հրանդ Տինքի ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ սգակիր հոծ բազմութիւն մը՝ աւելի քան 200 հոգի, Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ հաւաքուեցան Հրանդ Տինքի գերեզմանին առջեւ ու անոր սպանութեան ութերորդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչեցին անոր յիշատակը։ Բացի ընտանիքի անդամներէն, հոգեհանգստեան պաշտօնին համար ծաղկեպսակներ ղրկած էին Շիշլիի, Պեշիկթաշի, Պաքըրգիւղի քաղաքապետութիւնները։ Հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ արարողութեան, որ կատարուեցաւ Զաւէն քհնյ. Պչաքճեանի ձեռամբ։

 

 


comments

Advertisement