Ֆրանսա կոչ կ՛ընէ ոգեկոչելու Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 20 January 2015

 

 

ՓԱՐԻԶ, <<Հորիզոն>>.- Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնը կրթական պատկան բոլոր մարմիններուն շրջաբերական մը յղելով՝ կոչ ուղղած է ոգեկոչելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Շրջաբերականին մէջ կ՛ըսուի, թէ Հոկտեմբեր 18, 2002ին, ընդառաջելով Եւրոխորհուրդի նախաձեռնութեան՝ կրթութեան եւրոպացի նախարարները որդեգրեցին հռչակագիր մը, որուն հիմամբ հաստատուեցաւ Ողջակիզման յիշատակման եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման օր մը՝ անդամ պետութիւններու բոլոր դպրոցներուն մէջ: Ֆրանսա եւ Գերմանիա յիշատակումի իբրեւ թուական ընտրեցին Յունուար 27ը, որ կը զուգադիպի Աշուիցի ճամբարի ազատագրման տարեդարձին:


Կ՛ըսուի նաեւ, որ 2015ը, նացիական ճամբարներու ազատագրման 70ամեակին զուգահեռ՝ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակն է եւ, Երեքշաբթի, Յունուար 27ի ոգեկոչման օրը պատշաճ առիթ է յիշատակելու այդ ողբերգութիւնը, ինչպէս նաեւ անուրանալի դերը այդ արդար անձերուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ պաշտպանեցին հալածեալները:


comments

Advertisement