By Asbarez | Wednesday, 21 January 2015
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ուսանողական կառավարութիւնը Յունուար 20ի երեկոյեան միաձայնութեամբ վաւերացուց Թուրքիոյ մէջ Քալիֆորնիոյ համալսարանի բոլոր ներդրումները (72.6 միլիոն տոլար) ետ քաշելու բանաձեւը, որ մաս կը կազմէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի նախաձեռնութեամբ <<#DivestTurkey>> արշաւին, որուն նպատակն է պատժել Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը։
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայ ուսանողական միութիւնը անցեալ Դեկտեմբերին հանդիպում մը կազմակերպած էր՝ համալսարանի ուսանողներուն ներկայացնելու համար այս բանաձեւը մշակելու աշխատանքին մանրամասնութիւնները եւ անոր կարեւորութիւնը։
Բանաձեւին նպատակն է ճնշում բանեցնել մինչեւ այսօր պատմական այս իրողութիւնը ուրացող Թուրքիոյ իշխանութեանց վրայ՝ ներդրումները կապելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Նշենք, որ համալսարանի ուսանողական խորհուրդը 2012ին վաւերացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ անոր ուրացումը դատապարտող բանաձեւ մը, իսկ Հայ ուսանողական միութիւնը 2005ին վաւերացուցած էր բանաձեւ մը՝ կոչ ընելով համալսարանին, որ թրքական արտադրութիւններ չծախէ համալսարանի խանութներուն մէջ:
ՀԵԴի <<#DivestTurkey>> արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Divestment@AYFwest.org հասցէին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ