By Asbarez | Thursday, 22 January 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- 24 Ապրիլին, Չանաքքալէի մէջ հաւաքուելով Չանաքքալէի պատերազմի հարիւրամեակը նշելու Էրտողանի որոշումը ամբողջ աշխարհին մէջ կը շարունակէ տեղի տալ խիստ ու կարծր հակազդեցութիւններու։ Էրտողանին կողմէ այս ուղղութեամբ աշխարհի ղեկավարներուն ղրկուած հրաւէրը այնպիսի թուականի մը, երբ հայաշխարհը պիտի նշէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, ոմանց կողմէ շատ յանդուգն, ոմանց կողմէ ալ ամօթալի նկատուեցաւ արտասահմանի մէջ։ Այս որոշումին դէմ բաւական ծանր յօդուած գրողներէն մէկն է անգլիական <<Ինտիփենտըն>>չ թերթի Միջին Արեւելքի հարցերու նշանաւոր մասնագէտ Ռապըրթ Ֆիսքը։
Ֆիսք հրատարակեց գրութիւն մը, որուն խորագիրն իսկ շատ ծանր է. <<Հայկական Ցեղասպանութիւնը թաքցնելու ուղղուած ամօթալի ձեռնարկ>>։ Ըստ Ֆիսքի՝ աշխարհի առաջնորդները եթէ ծրագրեն նշել Չանաքքալէի պատերազմի հարիւրամեակը, այն ատեն կը ստեղծուի ուրիշ շատ ծանր թուականի մը հարիւրամեակը անտեսելու վտանգ մը։
Ֆիսք կ՛ընէ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. <<Երբ աշխարհի զանազան մեծամեծներ, որոնց կարգին՝ իշխան Չարլզը կամ Աւստրալիոյ ու Նիւ Զելանտայի վարչապետները, Թուրքիոյ կառավարութեան հրաւէրով Չանաքքալէ պիտի հաւաքուին՝ Ա. Աշխարհամարտի կռիւը նշելու համար, այն ատեն անոնց հետ միասին պիտի քալեն նաեւ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ հայերու ուրուականները>>։
Ֆիսքի համաձայն՝ Չանաքքալէի պատերազմի տարեդարձը 24 Ապրիլին նշելու որոշումը <<դիւանագիտական անօրինակ խենթութեան արարք>> մըն է։
Ֆիսք յիշեցնելէ ետք, թէ Թուրքիա 102 երկիրներու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրաւէր ուղղած է, կը նշէ, որ 2013ին, այդ օրերու նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը Մարտ 18ին նշած էր Չանաքքալէի պատերազմին 98րդ տարեդարձը։ Այդ օրերուն ո՛չ մէկը ըսած էր, թէ Չանաքքալէի պատերազմի տարեդարձը պէտք է նշուի 24 Ապրիլին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ