Հոլանտ պիտի մասնակցի Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրներու մեկնարկին

By Asbarez | Friday, 23 January 2015

 

 

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան հաւաքին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունուար 28ին, Փարիզի մէջ, պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը:

Ըստ <<Նուվել տ՛Արմէնի>>ի՝ սոյն միջոցառման ընթացքին տեղի պիտի ունենայ <<2015. Ցեղասպանութեան 100ամեակ>> ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը:

 


comments

Advertisement