By Asbarez | Monday, 26 January 2015
ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պաթմանի (Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգ, պատմական Սասնոյ տարածաշրջան) մասնաճիւղը Յունուար 24ին, <<Աթաթուրք>> այգիին մէջ կազմակերպած է հաւաք մը՝ նուիրուած 1990ականներուն այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած եւ մինչեւ օրս չբացայայտուած առեւանգման եւ սպանութեան դէպքերուն: Հաւաքի մասնակիցները կրած են այդ ժամանակահատուածին սպաննուած եւ անյայտ կորսուած մարդոց լուսանկարները՝ պահանջելով բացայայտել դէպքերը: Պաթմանի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմետ Պաղաթըր իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ յանցագործութիւններու մեղաւորները մինչեւ օրս չեն կանգնած դատարանի առաջ:
<<Այսօր, այստեղ չբացայայտուած սպանութիւններուն, մեր անյայտ կորսուածներուն, մեր երեխաներուն համար հաշիւ պահանջելու զուգահեռ՝ մենք պահանջատէր ենք նաեւ Հրանդ Տինքի եւ հարիւրամեայ ամօթի խորհրդանիշ հանդիսացող Հայոց Ցեղասպանութեան համար>>, ըստ թրքական <> կայքին՝ ըսած է Պաղաթըր։
<<Պատմութեան հետ առերեսումը պէտք է սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Թուրքիան պէտք է հասկնայ այս իրականութիւնը եւ ընդունի, որ այս քաղաքական իշխանութիւնն ալ, միւսներուն նման, իր իշխանական ուժը վերածած է գործի դրուող բռնատիրութեան>>, եզրափակած է Պաղաթըր:
Նշենք, որ Պաթման քաղաքի 300 հազար բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ քիւրտ է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ