Ասատ պատրաստ է աջակցելու Հալէպի մէջ «սառեցուած գօտի»ին

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>>.- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան <<Ֆորէյն Ըֆերզ>> պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են աջակցելու ՄԱԿի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրայի՝ Հալէպի մէջ <<սառեցուած գօտի>> ստեղծելու ծրագիրին, որպէսզի կարելի ըլլայ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնել այդ շրջանին։ <<Գաղափարը լաւ է, սակայն կախեալ է մանրամասնութիւններէն>>, ըսած է Ասատ։


Նշենք, որ Կիրակի օր, Մոսկուայի մէջ ընթացք առին Սուրիոյ հարցով իշխանութեան ու ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները, որոնք երկու փուլով տեղի պիտի ունենան՝ մինչեւ Յունուար 29։

 

comments