Նալբանդեան Արձագանգած Է Տաւութօղլուի Ուղերձին

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– <<Թուրքիայի իշխանութիւնները 8 տարի շարունակ չկարողացան կամ չցանկացան բացայայտել Հրանտ Դինքի սպանութեան մեղաւորներին, իսկ հիմա խօսում են յարգանքի մասին>>, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ կը վերաբերէր Տինքի մահուան 8րդ տարելիցին առնչուող Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութողլուի ուղերձին: <<Նախ հարց է առաջանում, թէ ինչու Դաւութօղուն կամ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ սպասում էին, որպէսզի 2015թ. նոր յայտարարութիւն անեն Դինքի սպանութեան վերաբերեալ: Ինչո՞ւ եօթներորդ, վեցերորդ, հինգերորդ, չորրորդ, երրորդ տարելիցների կապակցութեամբ այդ ահաւոր սպանութեան վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն չեղաւ: Ինչպէ՞ս կարելի է դա բացատրել: Եւ յետոյ 8 տարի շարունակ Թուրքիայի իշխանութիւնները չկարողացան կամ չցանկացան բացայայտել Դինքի սպանութեան մեղաւորներին, իսկ հիմա խօսում են ինչ-որ յարգալից վերաբերմունքի մասին>>, ըսած է նախարարը։


Նալբանդեան ընդգծած է, որ միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն տխրահռչակ Փերինչեքին, որ ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը ժխտող, այլ նաեւ ատելութեամբ լի յայտարարութիւններ կը կատարէր հայ ժողովուրդի նկատմամբ:

Նալբանդեան նաեւ ընդգծած է, որ թրքական իշխանութիւնները վերջին 5-6 տարիներուն ընթացքին մեծ կարելիութիւն ունէին օգտագործելու այն պատմական առիթը, որ առկայ էր՝ վաւերացնելով նոյնինքն Տաւութողլուին կողմէ ստորագրուած արձանագրութիւնները եւ կեանքի կոչելով երկու ժողովուրդներու մերձեցման գործընթացը: <<Աւաղ, չկարողանալով ձերբազատուել իրենց ներքին տաբուներից՝ թուրքական իշխանութիւնները շարունակեցին առիթը բաց չթողնել՝ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովրդի, Հայաստանի նկատմամբ ոչ բարեկամական յայտարարութիւններ եւ գործողութիւններ անել, ինչն աւելի խորացրեց անվստահութիւնը>>, նշած է Նալբանդեան:

Նախարարը յիշեցուցած է, որ ինք առիթով մը Թուրքիոյ ներկայի վարչապետին խորհուրդ տուած էր փիլիսոփայութենէն անցնիլ յստակ եւ իրատեսական քայլերու: <<Մի խօսքով՝ սայլը թօզ փչելով առաջ չես շարժի>>, եզրափակած է ան։

 

comments