Ֆրանսայի մէջ հետիոտնի ճամբայ՝ Զապէլ Եսայեանի անունով

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

 

 

Ֆրանսական Վիրոֆլէ քաղաքին մէջ հետիոտնի ճամբայ է անուանակոչուել հայ յայտնի գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանի անունով։ Զապէլ Եսայեան 1920ականներուն ապրած է այս քաղաքին մէջ։

Զապէլ Եսայեան ծնած էր 5 Փետրուար 1878ին, Պոլիս։ Ան գրական ու քաղաքական կարեւոր գործունէութիւն տարած էր Արեւելքի ու Ֆրանսայի միջեւ։ Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին յաջողած էր անցնիլ Եւրոպա։ Զապէլ Եսայեան երկար տարիներ ապրած էր Ֆրանսայի մէջ։ 1933ին ան հեռացած էր Եւրոպայէն ու հաստատուած էր Հայաստան, սակայն 1937ին դարձած էր Սթալինեան բռնարարքներու զոհ. զինք մեղադրած էին Խորհրդային Միութեան դէմ լրտեութեամբ, աքսորած էին Սիպերիա, ուր հաւանաբար մահացած էր 1943ին, 65 տարեկան հասակին։

 


comments