Հնդիկ արքայի Հայ կնոջ մասին ժապաւէն կը պատրաստուի

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

 

 

Չեխիոյ մէջ լոյս տեսնող Orer.am-ի համաձայն՝ վերջերս Երեւանէն Հնդկաստան մեկնած է նկարահանող խումբ մը՝ Ագրայ քաղաքին մէջ գտնուող հանրահռչակ Թաճ Մահալի տաճարի մասին ֆիլմ պատրաստելու նպատակով: Յայտնի է, որ հնդկական շահ Ճահան արքայի կինը, որուն յիշատակին ան կառուցած է Թաճ Մահալը, հայուհի եղած է:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, այս փաստը գիտեն շատեր, սակայն անոր վաւերագրութիւնները գրեթէ կը բացակային: Եւ ահա հայ վաւերագրողները որոշած են լրացնել այդ բացը: <<Թաճ Մահալ. Հայուհին՝ Հնդկաստանի Խորհրդանիշի Հոգի>> խորագիրը կրող ժապաւէնին առաջին ներկայացումը, հաւանաբար, տեղի ունենայ յառաջիկայ Փետրուար 14ին:

 


comments

Advertisement