Փերինչեքի հարցով՝ Ֆրանսա Հայաստանի կողքին Է. Փափազեան

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>.- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտրիր անդամ Մուրատ Փափազեան ըսած է. <<(Տողու) Փերինչեքի դատավարութեան հարցով, Ֆրանսա մեզի հետ է: Ֆրանսա <<մասնակից>> է դատավարութեան՝ Զուիցերիոյ, Հայաստանի եւ այն բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ, որոնք կը զօրակցին մեզի: Ասիկա լուրջ նշան է, թէ Ֆրանսուա Հոլանտ կը փափաքի, որ շահինք Փերինչեքի դատավարութիւնը, որպէսզի կարենանք Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը որդեգրել, հաւանաբար՝ 2016 թուականի սկիզբը>>:

Նշենք, որ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Փերինչեքի դատը պիտի սկսի Յունուար 28ին, Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանի )ԵՄԻԱ) բարձրագոյն դատարանին մէջ։

<<Տեմոքրաթհապեր>>ի լրատու կայքի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, թէ այս դատավարութեան որպէս երրորդ կողմ պիտի մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնն ու <<Ճշմարտութեան ու արդարութեան յիշողութեան կեդրոն>> կոչուած մարմինը։ Այս երկու կազմակերպութիւնները Փերինչեքի դէմ պատրաստած են ընդարձակ թղթածրար մը, զոր յանձնած են ԵՄԻԱի վերին դատարանին։ ԵՄԻԱի վերին դատարանը ընդունած է զանոնք՝ որպէս միջամուխ կողմ, այսինքն՝ երրորդ կողմ։

Այս նիւթին շուրջ հաւաք մը կազմակերպուած է Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ կեդրոնին մէջ, ուր ելոյթ ունեցած է Ցեղապաշտութեան դէմ յանձնախումբի անդամ Մերալ Չըլտըր։ Բացատրութիւններով հանդէս եկած է նաեւ յանձնախումբի անդամ փաստաբան Էրեն Քեսքին, որ հրապարակած է իրենց պատրաստած թղթածրարին մանրամասնութիւնները։ Քեսքին ըսած է, որ Փերինչեք թէեւ այս ժխտումը ըրած է Լօզանի մէջ, բայց անոր այս ժխտումը ուղղակի կերպով մեծ ազդեցութիւն գործած է Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն վրայ եւ դատարանը ցարդ անտեսած է այս կէտը։

Ան դիտել տուաւ, որ Փերինչեքի խօսքերը միայն պատահարի մը ժխտումը չեն նշանակեր, այլ այդ խտրականութեան ու այլամերժութեան յանցագործութիւն ալ կը պարունակեն։

 

 


comments

Advertisement