ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութեան հետ

By Asbarez | Tuesday, 27 January 2015

 

ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը Յունուար 20ին հանդիպեցաւ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն Եոհան Վերպոմ, հայեցակարգային հարցերու համակարգողներ Մատէյս Սխրոտեր եւ Մանիա Սիմոնզ: Հայ Դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէին Մասիս Աբրահամեան, Աննա Մովսէսեան եւ Սեպուհ Աբրահամեան:


Մասիս Աբրահամեան ներկայացուց հոլանտահայութեան սպասումները Հոլանտայի կառավարութենէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Ան նշեց, <<որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներու ղեկավարները կը հրաւիրէ, որպէսզի 2015ի Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուին Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին առիթով յարգելու մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Սակայն հայ ժողովուրդը յատկապէս կը սպասէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներէն, որ ապահովեն իրենց ներկայութիւնը: Անկէ բացի հոլանտահայութեան համար չափազանց կարեւոր է կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայութիւնը այստեղ՝ Հոլանտայի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն: Պարոն Վերպոմ յայտնեց, որ Հայաստանէն պաշտօնական հրաւէր ստացած են, սակայն դեռ որոշում չէ կայացուած այցելութեան վերաբերեալ: Կը քննարկուի նաեւ կառավարութեան մասնակցութեան հարցը այստեղ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն: Այս պարագային նոյնպէս առայժմ յստակութիւն չկայ>>:

Աբրահամեան խօսեցաւ թրքական քարոզչամեքենայի Կալիպոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակը Ապրիլ 24ին նշելու յայտարարութեան նոր խարդաւանքներու մասին:

Երբ Հոլանտայի կառավարութիւնը պարբերաբար կը նշէ երկկողմ բանակցութիւններու մասին, արդեօք կառավարութեան մօտ կա՞յ յստակ պատկերացում Թուրքիոյ վերաբերեալ, իբրեւ բանակցող կողմի: Հայ Դատի յանձնախումբին կարծիքով՝ Հոլանտայի կառավարութիւնը աւելի հետեւողական պէտք է գտնուի 2004 թուականի Ռաուֆուտի բանաձեւի պահանջներու իրականացման մէջ:

Որքան յստակ ըլլայ դիրքորոշումը Թուրքիոյ նկատմամբ, այնքան պարզ կ՛ըլլան Թուրքիոյ ներկայացուող պահանջները: Հակառակ պարագային, յեղյեղուկ կեցուածքի պարագային թրքական կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր մերժողականութեան եւ կեղծարարութեան քաղաքականութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ շարք մը այլ հարցեր՝ կապուած Թուրքիոյ երկդիմի եւ կողմնակալ քաղաքականութեան հետ, մասնաւորապէս Արցախի հակամարտութեան: Արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը ուշադրութեամբ լսեց եւ խոստացաւ բարձրացուած բոլոր հարցերը փոխանցել արտաքին գործոց նախարարին:

Աբրահամեանը յոյս յայտնեց, որ ներկայացուած խնդիրները, որոնք ոչ միայն Հոլանտայի մէջ ապրող, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան ակնկալիքներն են, անպատասխան չեն մնար:


comments

Advertisement