By Asbarez | Wednesday, 28 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Փիեռ Անտրէ (Ֆրանսա) եւ Ճէյմզ Ուորլիք (Ամերիկա) 27 Յունուարին Քրաքովի մէջ հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ՝ իրենց լուրջ մտահոգութիւնը յայտնելով շփման գիծի երկայնքով եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող յարձակումներուն գծով, որոնք պատճառ դարձած են զոհերու։
Հանդիպումին ներկայ եղած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք։
Համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ <<պէտք է վերջ դնել նախորդ տարիէն աճող բռնութիւններուն՝ վստահութեան վերականգնման եւ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար>>։
<<Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին՝ կատարելու խնդիրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ իր յանձնառութիւնները: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանին՝ բոլոր միջոցներուն ձեռնարկելու, լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Բոլոր կողմերը պէտք է պահպանեն զինադադարի համաձայնագիրը: Բռնութիւնները կը նուազեցնեն խաղաղութեան հասնելու ջանքերը>>, յայտարարած են անոնք։
Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցած են, որ Մամետեարովի հետ քննարկած են խաղաղութեան գործընթացի կարելի հետագայ քայլերը, որոնց կարգին՝ համապարփակ բանակցութիւնները, որոնց արդիւնքը կրնայ ըլլալ տեւական կարգաւորումը, որմէ պիտի օգտուին տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները:
<<Մենք նախարարին յիշեցուցինք մեր մանդատին մասին եւ մտահոգութիւն յայտնեցինք բանակցութիւններու գործընթացին, Մինսկի խումբի համանախագահներու դերին եւ ԵԱՀԿի դիտորդներու պարտականութիւններուն վերաբերեալ հնչեցուած քննադատութիւններուն առնչութեամբ>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ