Արցախ Ատրպէյճանէն աւելի ազատ Է. «Ֆրիտըմ Հաուս»

By Asbarez | Wednesday, 28 January 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Ամերիկեան հեղինակաւոր <<Ֆրիտըմ Հաուս>> իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց <<Ազատութիւնը աշխարհի մէջ. 2015>> իր տարեկան զեկուցումը, որ կը վերաբերի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական իրաւունքներուն եւ քաղաքացիական ազատութեան հարցերուն։


Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ամբողջ աշխարհին մէջ արձանագրուած է ազատութեան մակարդակի համատարած անկում։ Զեկուցումի հեղինակները կը նշեն, որ ժողովրդավարութեան գաղափարախօսութիւնը վերջին 25 տարուան ընթացքին կը գտնուի ամէնէն լուրջ սպառնալիքին տակ։


Դիտելով կազմակերպութեան կազմած աղիւսակը՝ կարելի է տեսնել, որ Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղը, Վրաստանն ու Թուրքիան ճանչցուած են մասամբ ազատ, մինչդեռ Ատրպէյճանը, Իրանն ու Ռուսիան անազատ երկիրներ կը նկատուին։

<<Ֆրիտըմ Հաուս>>ի փորձագէտները արձանագրած են, որ տնտեսապէս հզօր ու իրենց տարածաշրջանին մէջ ազդեցիկ դիրք ունեցող շարք մը պետութիւններ, որոնց շարքին են՝ Ռուսիան, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, ազատութեան առումով նահանջ արձանագրած են։ Հեղինակները կը նշեն, որ թէեւ բռնապետական Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութեան հետ կապուած իրավիճակը կայուն կերպով կը վատթարանայ, այնուամենայնիւ, միջազգային ընտանիքը չի քննադատեր Պաքուն՝ վերջինիս ունեցած ուժանիւթային հարստութիւններուն պատճառով։

Ընդհանուր առմամբ, զեկուցումին մէջ ներառուած է 195 երկիր, որմէ 89ը (46 առ հարիւրը) ճանչցուած է ազատ, 55ը (28 առ հարիւրը)՝ մասամբ ազատ, իսկ 51ը (26 առ հարիւրը)՝ անազատ։

 


comments