By Asbarez | Wednesday, 28 January 2015
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>>.- Իսրայէլեան օդուժը Յունուար 28ին երկու յարձակում գործեց Քընէյթրայի Թալ Շահմ շրջանին մօտ գտնուող սուրիական բանակին պատկանող երկու դիրքերուն վրայ։ Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն քանդուած է 122 միլիմեթրնոց հրետանի մը՝ իր զինամթերքով միասին։
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխա Ատրահի յայտնեց, որ յարձակումը տեղի ունեցած է կէս գիշերէն ետք, իբրեւ հակադարձութիւն բռնագրաւեալ Կոլանի դէմ երկու հրթիռներու արձակման։ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Մոշէ Եաալոն իր կարգին նշեց, որ իսրայէլեան օդուժի սոյն յարձակումը <<յստակ պատգամ մըն է, թէ՝ պիտի չհանդուրժենք մեր ուղղութեամբ կրակոց եւ մեր գերիշխանութեան որեւէ ոտնահարումի պիտի հակադարձենք ուժգին ու խիստ կերպով>>։
Աւելի ուշ, <<Հըզպալլա>> Մազարեհ Շեպաայի մէջ թիրախ դարձուց 9 իսրայէլեան զրահապատներ: Ըստ <<Հըզպալլա>>ի՝ այս գործողութեան պատճառով, իսրայէլեան ուժերու շարքերուն մէջ արձանագրուած են 15 զոհեր եւ վիրաւորներ, սակայն իսրայէլեան բանակին համաձայն՝ միայն 2 զինուոր սպաննուած է։
Գործողութենէն ժամ մը ետք, <<Հըզպալլա>> ստանձնեց անոր պատասխանատուութիւնը՝ նշելով, որ անիկա Քընէյթրայի գործողութեան պատասխանն է:
Իսրայէլեան ուժերը թնդանօթներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանը, յատկապէս՝ Ապպասիէի մզկիթը: Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով սպաննուեցաւ նաեւ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերնէն սպանացի զինուոր մը:
<<Հըզպալլա>>, իր կարգին, ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռամթա շրջանը, իսկ Սաֆատ շրջանի քաղաքապետարանը ապաստանարաններ բաց յայտարարեց եւ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչներէն խնդրեց օգտագործել զանոնք:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ