Պոլսոյ մէջ Թուրք ազգայնամոլներ հրկիզած են Հայկական եռագոյնը

By Asbarez | Thursday, 29 January 2015

 

 

Թուրքիոյ Մեծ միութիւն կուսակցութեան (ՄՄԿ-BBP) անդամներէ բաղկացած խումբ մը, բողոքի ցոյց կազմակերպած է Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակին վրայ: Ցուցարարները պարզած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշներով պաստառներ եւ վանկարկած են թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութեան մասին լօզունգներ: Անոնք նաեւ հրապարակին վրայ հրկիզած են Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը:

 


comments