Հայաստան սփիւռքէն աւելի՛ հակում ունի Թուրքիոյ հետ կապերու կարգաւորման. Մահճուպեան

By Asbarez | Thursday, 29 January 2015

 

 

ԱՆԳԱՐԱ.- <<Ազատութիւն>> կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. <<Հայաստանն ու հայաստանցիները աւելի հակում ունին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, քան՝ Սփիւռքի հայութիւնը>>։


Թուրքիոյ ամէնէն բարձրաստիճան հայազգի պաշտօնատարը այս մասին խօսած է Յունուար 28ին, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ։

Մահճուպեանի համոզումով՝ հայերն ու թուրքերը բազմաթիւ մշակութային ընդհանրութիւններ ունին։ <<Մենք նոյն մշակոյթի զաւակներն ենք, կը լսենք նոյն երաժշտութիւնն ու կը կարդանք նոյն գիրքերը>>, պնդած է ան՝ աւելցնելով. <<Երբ Հայստանը կը խօսի պետական մակարդակով, ատիկա շատ կոշտ կը հնչէ, սակայն երբ դուրս կու գաս փողոց եւ կը խօսիս շարքային հայաստանցիներու հետ, ապա իրավիճակը այլ է։ Թուրքիոյ փողոցներուն մէջ, ի դէպ, վիճակը նոյնն է. այստեղ ալ մարդիկ կը փափաքին ջերմ յարաբերութիւններ ունենալ եւ փոխադարձ կապեր հաստատել>>։

Մահճուպեանի համոզումով՝ 2015ը կրնայ յաւելեալ հնարաւորութիւններ ստեղծել երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւման համար։ <<Նախ եւ առաջ, հարկ է հոգեբանական փոփոխութիւններու հասնիլ՝ ապագային միասնաբար նայելու սովորութիւն ձեւաւորելով։ 2015ը լուրջ հնարաւորութիւն է ատոր համար>>, ըսած է Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդականը։

Ըստ անոր՝ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Թուրքիա այսօր պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման։ <<Իրականութեան մէջ, երկու կողմերն ալ պատրաստ են կապեր հաստատելու։ Սակայն մենք կ՛ապրինք ազգային (պետութիւններու) աշխարհի մէջ, ուր գոյութիւն ունին սահմաններ ու երկիրներ։ Ատիկա խնդիրին որոշ ձեւական բնոյթ կը հաղորդէ։ Երբ հարցը կը տեղափոխենք պաշտօնական հարթակ, ի յայտ կու գան բանակցութիւններ, հաւասարութեան հարցեր, որոնք եւս, ի վերջոյ, կը յանգեցնեն խզման>>, նշած է Մահճուպեան։

Իր նշած բարդութիւններէն խուսափելու համար, ան առաջարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը սկսիլ հանրային մակարդակէն։ <<Ես երբե՛ք չեմ կարծած, որ կարելի է լուրջ արդիւնքներու հասնիլ՝ ամէն ինչ տեղափոխելով պետական մակարդակ։ Հարկ է պետութիւններու մակարդակէն իջնել մէկ աստիճան։ Շատ կարեւոր է, որ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկուին՝ հանրային մակարդակի վրայ։ Հարկ է ամէն ինչ ընել՝ ոչ-պաշտօնական խողովակներ օգտագործելով>>, ըսած է Մահճուպեան։

Ան նաեւ անդրադարձած է Ապրիլ 24ին, Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ուղղած հրաւէրին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին, եւ ըսած է. <<Հրաւէրը ուղարկուած է ամբողջ աշխարհին, ներառեալ՝ Հայաստանին։ Բացի ատկէ, պէտք չէ մոռնալ, որ Չանաքալէի (Կալիփոլի) ճակատամարտի ընթացքին նաեւ որոշ թիւով հայեր զոհուած են։ Եթէ Հայաստան կը համարէ, որ հոգեւոր կապ մը ունի նախապէս ապրած իր հայրենակիցներուն հետ, ապա ատիկա կը վերաբերի նաեւ այդ ճակատամարտի հայ մասնակիցներուն։ Այնպէս որ, լաւ պիտի ըլլար, եթէ Հայաստանը, թէկուզ խորհրդանշական մակարդակով, մասնակցէր այդ արարողութեան>>։

 

comments