Փերինչեքի Դատավարութիւնը՝ Հայկական Տեսանկիւնէն

By Asbarez | Thursday, 29 January 2015

 

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- 28 Յունուարին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի ԵՄԻԴի Մեծ պալատին մէջ կայացաւ <<Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա>> դատավարութեան առաջին նիստը։ Նիստի ընթացքին առաջին խօսք առնողը եղաւ Տողու Փերինչեք։ Ըստ կանոնակարգի, յաջորդիւ ելոյթներ ունեցան իբրեւ պատասխանող կողմ՝ Զուիցերիոյ, Հայաստանի ու Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները։


Հայկական կողմէն հանդէս եկան ԵՄԻԴի մօտ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ, Հայաստանի գլխաւոր Դատախազ Գէորգ Կոստանեան ու Հայաստանի միջազգային կարգի փաստաբաններ՝ Ամալ Քլունի ու Ճեֆրի Ռապըրթսըն։ Դատավարութեան զուգահեռաբար, դուրսը բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենային խումբ մը հայերու եւ թուրքերու կողմէ՝ անջատաբար։ Տասնեակ ոստիկաններ ու ոստիկանական ինքնաշարժներ կը հսկէին ցուցարարներուն։ Հայկական կողմի աջակիցները հանդէս կու գային <<Այլեւս ո՛չ մէկ 1915>> եւ <<Ժամանակը հասած է>> կոչերով։

ԳԷՈՐԳ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան իր խօսքին սկսաւ յայտարարելով, որ հայ ժողովուրդը չէր ակնկալեր որ ցեղասպանութիւնը ուրացող անձ մը կրնար ապահով հանգրուան ունենալ ԵՄԻԴէն ներս։ Կոստանեան այսպէս շարունակեց իր ելոյթը.

Ճիշդ հարիւր տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը ձեռնարկեց հայ ժողովուրդը լայնածաւալ ու համակարգեալ կերպով ոչնչացնելու գործին։ Այս տարի 24 Ապրիլը առանձնայատուկ նշանակութիւն մը ունի. այդ օր պիտի նշուի ոճրագործութեան հարիւրամեակը, բայց ո՛չ այն պատճառով, որ կոտորածներն ու աքսորները տեղի ունեցած են միայն 24 Ապրիլին։ Այդ կոտորածները տեւած են աւելի քան 25 տարի՝ 1895-1923ին։ Բայց 1915ի այդ օրը, կանխածրագրեալ կերպով, թրքական իշխանութիւնները հաւաքեցին բոլոր հայ մտաւորականները՝ հարիւրաւոր գրողներ, երգահաններ, արուեստագէտներ, համայնքային ղեկավարներ ու սպաննեցին զանոնք։

Հայ այրերը, որոնցմէ շատեր ի դէպ կը ծառայէին Օսմանեան բանակի մէջ, սուրէ անցուեցան։ Կիներ, երախաներ ու ծերեր ուղարկուեցան անապատ՝ մահուան քայլերթի, ուր անոնք սովի մատնուեցան, խոշտանգուեցան, բռնաբարուեցան ու սպաննուեցան։ Կանխամտածուած կերպով ոչնչացուեցաւ հայ բնակութեան կէսէն աւելին։ Այս յիշողութեան կսկիծը կը շարունակէ ապրիլ հայերու սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ։ Անոնք, որոնք յաջողեցան փրկուիլ, յաճախ կը նախընտրէին մեռած ըլլալ, քան թէ ապրիլ այս ոճիրները տեսած ըլլալով հանդերձ։ Անոնք զրկուեցան ամէն ինչէն՝ ընտանիք, անձնական հարստութիւն, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութիւն։ Անոնք, որոնք յաջողեցան խուսափիլ տեղահանութենէն, կը նախանձէին հեռացածներէն, քանի որ իրենք աւելի՛ն կորսնցուցին՝ զրկուելով հայկական ինքնութենէն ու տասնեակ տարիներ ապրելով այն վախը, որ կրնար բացայայտուիլ իրենց հայ ինքնութիւնը։ Ապրեցան փոխուած անուններով, բռնի ուժով իսլամացան, իրարու գաղտնօրէն ազդարարեցին որ հայերէն չխօսին։

Հայ ժողովուրդը փրկուեցաւ ու յաղթահարեց. մենք երբեք չենք խնդրած որ այս դատարանը խօսի տանջանքներու մասին, որոնց ականատես եղած են ո՛չ միայն անհատներ, այլ նաեւ համայնքներ ու ամբողջ հայ ժողովուրդը։ Բայց հայ ժողովուրդը չէր ալ ակնկալեր, որ հարիւրամեակի նախաշեմին պիտի յայտնուի այս դատարանի առջեւ, փորձելով պաշտպանել սեփական պատմութիւնը կոյր ժխտողականութեան մը դիմաց, չէր ակնկալեր, որ այս դատարանը օր մը առիթ պիտի ընծայէր, որ ուրացողներ ապահով հանգրուան ունենային իրենց յայտարարութիւններուն համար եւ այդ յայտարարութիւնները ներկայիս գործածէին պատմութիւնը խեղաթիւրելու քարոզչական նպատակներով։

Որպէս կողմ, Հայաստանի դերն է մատնանշել այն ճշգրիտ սկզբունքները, որոնցմով պէտք է լուծուի այս հարցը, ինչպէս նաեւ ընդգծել այն սխալները, որոնք տեղ գտած են ԵՄԻԴի վարի պալատի վճիռին մէջ։ Կարեւոր է ոչ այնքան դատարանի հետեւութիւնը, որքան դատարանին ներկայացուած փաստերու անճշդութիւնը, իրաւական ու տրամաբանական սխալները, որոնք բարենպաստ պայմաններ ստեղծեցին ցեղասպանութիւնը ուրացողներու համար՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Հայկական կողմը այստեղ է ապահովելու համար նմանօրինակ սխալներու կրկնութեան բացառումը դատարանի մը կողմէ, որ հանդէս կու գայ յանուն մարդու իրաւունքներու։

ԱՄԱԼ ՔԼՈՒՆԻԻ ԵԼՈՅԹԸ

Հայաստանի շահերը պաշտպանող միջազգային կարգի փաստաբան Ամալ Քլունի իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ ԵՄԻԴի վարի պալատը, Փերինչեքի վճիռին մէջ կարեւոր քանի մը սխալներ թոյլ տուած է. ԵՄԻԴի մեծագոյն սխալը եղած է վճիռը արձակելով՝ կասկածի տակ թողուլ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Քլունիի ելոյթի ամբողջական պատճենը հետեւեալն է.

<<Դատարանը թէեւ ինք ընդունած է, որ այս հարցի շրջագիծով բոլորէն չի պահանջուիր որոշել թէ արդեօք 1915ի դէպքերը ցեղասպանութի՞ւն էին թէ ոչ, այնուամենայնիւ, իր վճիռը արձակած է առանց որեւէ փորձաքննութեան, փաստերու, առկայ փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան եւ վկաներու հարցաքննութեան, նոյնիսկ առանց ներգրաւելու հայկական կողմը։ Ատոր փոխարէն, ԵՄԻԴ ուղղակի որոշած է, որ ցեղասպանութիւնը չէ ապացուցուած կամ նոյնիսկ ապացուցանելի չէ։ ԵՄԻԴ այն հարթակը չէ, որու շրջագիծով պիտի որոշուի պետութեան մը պատասխանատուութիւնը ցեղասպանութեան յանցանքին մէջ։ Սակայն եթէ նոյնիսկ ԵՄԻԴի իրաւասութեան մէջ ըլլար այդ հարցը, ապա առկայ վկայութիւններն ու ապացոյցները բաւարար էին 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն որակելու համար։
ԵՄԻԱի վարի պալատի որոշումը ցեղասպանութեան վերաբերեալ, պարզապէս սխալ է։ Հայերու դէմ վայրագութիւններու մասին վկայութիւնները բացայայտօրէն ցոյց կու տան կազմակերպիչներու ցեղասպան մտադրութիւնները։ Այդ մասին կը յիշեցնեն բազմաթիւ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ ու ականատեսներու վկայութիւններ, որոնք կը փաստեն, թէ 1915ին հայերու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրուած է։

Այսօր ալ պետական արխիւներու մէջ առկայ են բազմաթիւ դեսպաններու տեղեկագիրները իրենց պետութիւններուն։ Նոյնիսկ Օսմանեան Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիոյ դեսպանն ալ ըսած է, որ թուրք առաջնորդները ընդունած են որ իրենց գործողութիւններու իրական շարժառիթը հայերու ամբողջական բնաջնջումն է>>։
Եզրափակելով իր ելոյթը, Ամալ Քլունի ԵՄԻԴի վարի պալատի վճիռը որակեց վճիռ մը, որով կ՛անարգուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուած հայերու յիշատակը եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերուի ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն։

ՌԱՊԸՐԹՍԸՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

Հայկական կողմի շահերը պաշտպանող միւս փաստաբանն էր Ճեֆրի Ռապըրթսըն, որ ելոյթին սկիզբը յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ողբերգութիւն մը չէ, այլ միջազգային յանցագործութիւն։ Ռապըրթսըն ըսաւ.

<<1915ին Օսմանեան կայսրութեան նպատակն էր ոչնչացնել հայ ազգը ու այդպէս լուծել Հայկական Հարցը։ Հայերու հետ պատահածին հետեւեցաւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ հրեաներու հետ՝ Գերմանիոյ մէջ։ Այդ իրողութիւնն է, որ Ռաֆայէլ Լեմքինին ստիպեց եզր մը ստեղծել մարդկութեան դէմ վատագոյն յանցագործութիւնները նկարագրելու համար։ <<Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա>> դատը կը վերաբերի այն հարցումին, թէ զուիցերիական օրէնքը հաշուի կ՛առնէ՞ արդեօք խօսքի ազատութիւնը՝ համաձայն մարդու իրաւունքներու եւրոպական Ուխտի 10րդ յօդուածին։ Բայց այդ Ուխտը կը նշէ նաեւ այլ իրաւունքներ, ինչպիսին է ցեղապաշտական խտրականութենէն ազատ ապրելու իրաւունքը։

Ցեղասպանութեան ժխտումը կրնայ կրկնակի ազդեցութիւն ունենալ։ Ատիկա կրնայ յանգիլ այն բանին, որ ցեղասպանութենէն փրկուածներ, անոնց երախաներն ու թոռները իրենք զիրենք ստորնացած զգան, ինչպէս ծրագրած էին յանցագործները։ Բացի ատկէ, այդպիսի ժխտում մը կրնայ վտանգաւոր ձգտում մը յառաջացնել յանցագործութեան կրկնութեան համար։

Փերինչեք Զուիցերիա գացած էր որպէսզի դատապարտուի։ Իր նպատակը ա՛յդ էր։ Աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ երկիր, բացի Թուրքիայէն, որոշում ընդունած է, որ 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն չէին։ Աշխարհի երկիրները պատմական եւ իրաւական լուրջ հետազօտութիւններէ ետք որոշած են, որ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն էին։ Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Կան յստակ վկայութիւններ սպանութիւններու եւ ունեցուածքի ոչնչացման մասին, քանի որ թուրքեր գիտէին, որ հայերը պիտի չվերադառնային։
Ի հարկէ, Հրէական Ողջակիզումը մարդկութեան դէմ վատագոյն յանցագործութիւնն է, բայց ճիշդ չէ անտեսել կամ նսեմացնել նշանակութիւնը զանգուածային այլ կոտորածներու, որոնք գործադրուած են ցեղապաշտական կամ կրօնական խտրականութեան ենթահողի վրայ, միայն այն պատճառով, որ զոհերու թիւը աւելի քիչ եղած է եւ կամ տարբեր եղած են կոտորածներու մեթոտները։ Հայերու, հրեաներու, պոսնիացիներու, Ռուանտայի մէջ թութսիներու եւ ներկայիս ալ եզիտիներու համար կարեւոր է ո՛չ թէ կոտորածներու մեթոտը, այլ այն, որ իրենք թիրախ դարձած են եւ կեանքի իրաւունք չունին միայն այն պատճառով որ հայ են, հրեայ են, եզիտի են, եւլն.։

Միայն Ողջակիզման առաջնահերթութիւնը ընդունելով որպէս միակ ապացուցուած ցեղասպանութիւն, վնաս կը պատճառենք մարդու կենսական կարեւոր իրաւունքին՝ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը կանխարգիլելու տեսանկիւնէն։

Ինչ վճիռ ալ որ արձակուի Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ուխտի 10րդ յօդուածի լոյսին տակ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կասկածի տակ չի կրնար դրուիլ։ Ատիկա ողբերգութիւն չէր, ինչպէս կը պնդեն ցեղասպանութիւնը ուրացողները, այլ յանցագործութիւն էր, միջազգային յանցագործութիւն։

ԱՄԱԼ ՔԼՈՒՆԻԻ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Ամալ Քլունիի մասնակցութիւնը այս դատավարութեան, կը գտնուի համաշխարհային մամուլի ուշադրութեան կիզակէտին վրայ։ <<Էյ.Փի.>>ն <<Ամալ Քլունի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով իրաւաբանական խումբէն է>> խորագիրով յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ Փերինչեքի դատավարութեան մանրամասնութիւններուն ու կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը։ Գործակալութիւնը դիտել կու տայ, որ 1915ին ոչնչացուած են 1.5 միլիոն հայեր եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որ մինչեւ այսօր կը ժխտուի Թուրքիոյ կողմէ։

<<Թելեկրաֆ>> կը գրէ, որ Ամալ Քլունի դատավարութեան մէջ Թուրքիան կը մեղադրէ կեղծաւորութեան ու խօսքի ազատութիւնը ոտնահարելու ամբաստանութեամբ։ Թերթը կը մէջբերէ Քլունիի խօսքերը այն մասին, թէ այս դատավարութիւնը լաւ առիթ է Թուրքիոյ ցոյց տալու խօսքի ազատութեան նկատմամբ իր սահմանափակումները։

<<Տէյլի Մէյլ>>ն ալ իր յօդուածին մէջ կ՛ընդգծէ, որ Ամալ Քլունի եւրոպական դատարանին մէջ կը պայքարի Ցեղասպանութեան փաստը հերքելու դէմ։

Միաժամանակ, անգլիական պարբերականը, բացի Փերինչեքի դատավարութեան նախապատմութենէն, ներկայացուցած է նաեւ լուսանկարներու ընդարձակ շարք մը՝ դատավարութենէն։

Նաեւ, <<Հայկական Ցեղասպանութիւն>>ը Յունուար 28ին <<Yahoo>> որոնողական ցանցին ամենաշատ փնտռուած տասը հարցումներէն մէկը, <<Թուիթըր>>ի վրայ, յայտնած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

 

comments