Ֆրանսիս Պապը Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած պատարագ պիտի մատուցանէ. Վատիկան

By Asbarez | Thursday, 29 January 2015

<<Ինֆորմատոր>> կայքը կը հաղորդէ, թէ Վատիկան պաշտօնապէս հաստատած է, թէ Ֆրանսիս պապը Ապրիլ 12ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի մատուցանէ պատարագ՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին։

<<Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութիւնը գործադրուած է Ապրիլ 24, 1915էն սկսեալ, զոր, սակայն, Թուրքիա ցարդ չի ճանչնար եւ բազմաթիւ տարիներու ընթացքին պոյքոթի ենթարկած է պատմական իրողութեան որեւէ ներկայացում։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ հայ զոհուած է Ապտուլ Համիտ Բ.ի նախաձեռնած կոտորածներուն ընթացքին, զորս իրենց աւարտին հասցուց ժամանակակից Թուրքիոյ հայրը՝ Քեմալ Աթաթուրքը>>, կը գրէ աղբիւրը։


comments

Advertisement