By Asbarez | Thursday, 29 January 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը համակարգող խորհուրդին (CCAF) կազմակերպած տարեկան հաւաքին, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Յունուար 28ին, Փարիզի մէջ, իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ:
Միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ <<2015. Ցեղասպանութեան 100ամեակ>> ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը:
Ֆրանսայի նախագահը իր ներկայութեամբ հաստատած է, որ իր պաշտօնական աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերէ հայերուն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին կապակցութեամբ, ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
<<Նախագահը նշեց, որ Ապրիլ 24ին Երեւան պիտի գտնուի՝ իր աջակցութիւնը յայտնելու Հայ Դատին, եւ դիւանագիտական պատգամով կոչ ըրաւ Թուրքիոյ, որ այս տարի առերեսուի սեփական իր պատմական յիշողութեան հետ եւ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը>>, աւելցուցած է Փափազեան՝ մէջբերելով նախագահ Հոլանտի խօսքը։
Փափազեան նշած է նաեւ, որ ընթրիքին ներկայ եղած են 450 հիւրեր, որոնց շարքին՝ Ֆրանսայի նախագահը, նախարարներ, պատգամաւորներ, Փարիզի քաղաքապետ, Շարլ Ազնաւուր, յայտնի լրագրողներ եւ մտաւորականներ:
Երեկոյի սկիզբը Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը արիութեան շքանշանով պարգեւատրած է Շարլ Ազնաւուրը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ